ՇՈՒՇ

Ի.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան անցեալ Շաբաթ օր, 17 Օգոստոսին այցելած է Շուշի քաղաքին մէջ կառուցուող երկրաբանական թանգարան եւ ծանօթացած այնտեղ տարուող աշխատանքներուն:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է նման հաստատութեան առկայութիւնը Արցախի մէջ՝ նշելով, որ Արցախի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը ստեղծուի նմանատիպ թանգարան, եւ անիկա պիտի դառնայ կարեւոր գիտակրթական եւ զբօսաշրջական կեդրոն:
Նախագահը յստակ յանձնարարականներ տուած է աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:
Նոյն օրը նախագահ Սահակեան այցելած է Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարան եւ ներկայ գտնուած է Հատրութի շրջանի Տող գիւղի դպրոցի հաշուետու համերգին: Կարեւոր նկատելով այս ձեռնարկներուն կայացումը Շուշիի մէջ՝ նախագահը նշած է, որ նման նախաձեռնութիւնները մեծապէս կը նպաստեն Շուշիի՝ Արցախի պատմամշակութային կեդրոնի երբեմնի փառքը վերականգնելու գործին: