ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Ղարաբաղեան պատերազմի մասնակից ազատամարտիկները աշխուժացուցած են իրենց մարզային հանդիպումները: Մարզային այցելութիւններու սկսած են նաեւ համազգային համախմբում յայտարարած ազատամարտիկները:
«Ազատութիւն» կայանի լրագրող Նայիրա Բուլղադարեան կը գրէ, թէ ազատամարտիկները 19 Օգոստոսին այցելած են Շիրակի մարզ, ուր անոնք հանդիպումներ կ՛ունենան ոչ միայն Գիւմրիի, այլ նաեւ գիւղական շրջաններուն մէջ: Համազգային համախմբում յայտարարած ազատամարտիկներուն մարզային այցելութիւններուն նպատակը ո՛չ միայն մարզերուն մէջ բնակող ընկերներուն հետ հանդիպիլն է, այլ նաեւ իրենց պահանջներուն մասին տեղեակ պահել շրջաններու բնակիչները, որպէսզի անոնք մասնակից դառնան վերջերս սկսած բողոքի ցոյցերուն։
Ազատամարտիկներու այս խումբը ընկերային պահանջներ չի ներկայացներ, այլ Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութիւններ կը պահանջէ։ «Մենք ասում ենք, որ մեզ ոչինչ պէտք չէ: Մեզ պէտք է, որ ժողովրդի վիճակը լաւանայ: Ժողովրդի վիճակը որ լաւացաւ, մերն էլ կը լաւանայ: Մենք էլ ժողովրդի մի մասնիկ ենք», «Ազատութիւն» կայանի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Խաչիկ Աւետիսեան։
Ըստ լրագրողին, շուրջ երեք ամիս առաջ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ նստացոյցերու, հացադուլներու, բողոքի այլ շարժումներու նախաձեռնած ազատամարտիկներուն միջեւ ներքին հակասութիւնները հետզհետէ կը խորանայ: Անոնք բաժնուած են երկու թեւի, եւ իւրաքանչիւրը իշխանութիւններէն ունեցած պահանջներուն շուրջ տարբեր մօտեցումներ կը ցուցաբերէ:
Շաբաթներ առաջ մարզային այցելութիւններու սկսած ազատամարտիկներու միւս թեւը միայն իր ընկերային հարցերուն մասին կը խօսի՝ նշելով, որ միայն զիրենք յուզող խնդիրներուն համար կ՛այցելեն մարզեր ու հանդիպումներ կը պահանջեն իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Այս երկու խումբերը իրարու հասցէին մեղադրանքներ կ՛ուղղեն՝ մէկը միւսը այպանելով «անիրական պահանջ ներկայացնելու համար»: Իշխանութիւններէն համակարգային լուծումներ պահանջող ազատամարտիկներէն Խաչիկ Աւետիսեանը դիտել տուած է, որ միւս թեւը վերածուած է իշխանութիւններուն գործիքին: «Քանի դեռ երկրում սոցիալական խնդիրներ ունեն ոչ միայն ազատամարտիկները, այլեւ շատ այլ խմբերի ներկայացուցիչներ, մենք չենք կարող միայն մեր խնդիրների լուծումը պահանջել ու բաւարարուել դրանով», յայտնած են Աւետիսեանն ու անոր համախոհ ազատամարտիկները:
Խաչիկ Աւետիսեանը համոզուած է, որ իշխանութիւնները կ՛օգտագործեն ընկերային պահանջներ ներկայացուցած ազատամարտիկները:
Ազատամարտիկներու միւս թեւը հակազդած է՝ պնդելով, որ իշխանութիւնները զիրենք չեն օգտագործեր, այլ կը փորձեն լուծում տալ իրենց առաջադրած հարցերուն: Անոնցմէ Վոլոդեա Աւետիսեան յայտնած է, որ իրենց համախոհ ազատամարտիկներու շուրջ 1000 հոգինոց ցանկ ունին: Անոր համաձայն, այդ ազատամարտիկները կը կիսեն իրենց տեսակէտը, բայց նաեւ կրնան մասնակցիլ միւս թեւի հանրահաւաքներուն:
«Հարիւր տոկոսով յոյս ունենք, որ մեր բարձրացրած հարցերի գոնէ 80 տոկոսը պիտի լուծեն, բայց մենք պայքարելու ենք, որ մեր ուզած ձեւով լինի», յայտնած է Աւետիսեան՝ աւելցնելով, որ կարելիութիւն չունին այլ պահանջներ ներկայացնելու եւ նման հարցերով զբաղելու։ «Մենք էլ ենք հասկանում, որ ժողովրդի վիճակը լաւ չի, հայրենիքի վիճակը շատ վատ է, չկայ մի ոլորտ, որ նորմալ լինի: Բայց այսօր մեր ուժերից վեր է»:
Առանց իշխանութիւններուն հրաժարականը պահանջելու Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութիւններ պահանջող ազատամարտիկները Ազատութեան հրապարակին վրայ ունին ղեկավարման մարմին մը, որ կ՛որոշէ յառաջիկայ քայլերը: Անոնք յայտնած են, որ իրենց հանրահաւաքները հետզհետէ աւելի բազմամարդ պիտի ըլլան՝ ներառելով նաեւ ընկերային այլ խումբերու ներկայացուցիչներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.