
Հինգշաբթի, Օգոստոս 8ին Շահինշահրի հայոց ազգային Սրբոց Վարդանանց դպրոցի սրահին մէջ Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան Շահինշահրի մասնաճիւղի Մշակութային միաւորի «Յակոբ Պարոնեան» թատերախումբը ներկայացուց «Ամերիկացի փեսացու» կատակերգութիւնը, հեղինակ՝ Ազատ Մաթեան, բեմադրիչ՝ Ռազմիկ Մարկոսեան:
Երեկոյի բացումը կատարեց Վիոլէթ Յարութիւնեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց կատակերգութեան հեղինակ Ազատ Մաթեանի կենսագրութիւնը:
Թատրերգութիւնը ներկայացուեցաւ երեք արարով:
Ծրագրի եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Շահինշահրի հոգեւոր տեսուչ Անանիա վրդ. Գուճանեան, որ գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ մաղթեց թատերախումբին առաւել վերելք: