ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սուրիա-Հայաստան օդային հաղորդակցութեան վերականգնումը բացառուած չէ: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է «Սիրիական աւիաուղիներ» ընկերութեան երեւանեան գրասենեակի պատասխանատու Սվետլանա Յովհաննիսեանը: «Այս պահին պաշտօնական ոչինչ չեմ կարող ասել, սակայն աշխատանքներ են տարւում, որպէսզի հնարաւոր դառնայ Օգոստոսի 28ին Դամասկոս-Գամիշլի-Երեւան չուերթ իրականացնել», նշած է Յովհաննիսեան: Ան շեշտած է, որ արդէն երկար ժամանակէ ի վեր Սուրիոյ հետ հաղորդակցութեան միջոցները չեն գործեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.