
Ըստ «Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթի փոխանցած տեղեկութեան՝ մրցանակակիր գրող, «Ճակատագիրի Սեւ Շունը», «Այրող Տիգրիսը» եւ այլ գրքերու հեղինակ Փիթըր Պալաքեան հրաւիրուած է այս աշնան դասաւանդելու Քոլումպիա համալսարանի Մերձաւոր Արեւելքի, Հարաւային Ասիոյ եւ ափրիկեան ուսումնասիրութիւններու բաժանմունքին մէջ:
Դասաւանդման նիւթն է՝ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ Ողջակիզումը. Յիշողութիւն եւ Ներկայացում»:
Սեմինար-դասախօսութիւնը նախատեսուած է կայացնել Հինգշաբթի օրերը կէսօրէն ետք ժամը 2-4:
Գրողը պիտի անդրադառնայ մարդոց վրայ ցեղասպանութեան ազդեցութեան եւ անոր ներկայացման գրականութեան եւ ֆիլմարուեստի ասպարէզներէն ներս: Պիտի օգտագործուին վաւերագրական ֆիլմեր, բանաստեղծութիւններ եւ ականատեսներու յիշողութիւններ:
Համալսարանի «Հրաւիրուած դասախօսներ»ու ծրագիրը հնարաւոր դարձած շնորհիւ վաղամեռիկ դոկտ. Նիկիտ եւ տիկին Էլէանոր Օրճանեաններու 1998ին կատարած առատաձեռն նուիրատուութեան: Նախապէս հրաւիրուած դասախօսներու շարքին եղած են Լեւոն Աբրահամեան, Վարդան Ազատեան, Ճորճ Բուրնութեան, Սեդա Տատոյեան, Ռէյչըլ Կօշկարեան, Խաչիկ Թոլոլեանը եւ ուրիշներ: