ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալները յարձակում գործած են Դամասկոսի Ալ Քասսաա թաղամասին վրայ, ուր հիմնականօրէն քրիստոնեաներ, որոնց կարգին հայեր կը բնակին: Այս տեղեկութիւնը հաստատած է «Երկիր Մեդիա»ի Դամասկոսի թղթակից՝ Նորա Արիսեան:
Տասնեակ ռումբերու պայթումներուն իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած են երկու հայեր՝ մայր եւ որդի Միրնա եւ Նազարէթ Թորոսեանները: Անոնք արդէն փոխադրուած են հիւանդանոց, բժիշկները անոնց վիճակը կայուն կը նկատեն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.