ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Երեքշաբթի, Օգոստոս 13ի երեկոյեան, Փասատինայի Հայ կեդրոնէն ներս, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնն ու տիկնանց միութիւնը կազմակերպեցին ողջերթի եւ բարի գալուստի երեկոյ մը՝ ի պատիւ նախկին հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Պապօշեանի եւ նոր հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի, բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։
Սոյն երեկոյթին ներկայ էին Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեանը եւ անդամներ, շրջանի երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան անդամներ, տիկնանց միութեան անդամուհիներ, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան, նաեւ այլ բարերարներ, հովանաւորներ, ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Շահէ Ճիէրեան, քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը։
Առաջնորդը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ յատուկ հիւրասիրութիւն՝ հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան կողմէ։
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեան, ապա հանդիսավար Գօգօ Փանոսեան հերթով հրաւիրեց Ազգ. վարչութեան ատենապետուհին, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը եւ «Լեռնավայր» կոմիտէի ներկայացուցիչը, որոնք իրենց կարգին բարեմաղթութիւններ կատարեցին զոյգ հոգեւոր հովիւներուն։
Սրբազանը իր հայրական խօսքով նախ գնահատեց Խորէն քհնյ. Պապօշեանը՝ վերջին տասնամեակներուն թեմէն ներս անոր մատուցած ծառայութեան համար, ապա անդրադարձաւ տէր հօր կարգապահ, հնազանդ եւ ծառայասէր յատկանիշներուն։ Այս առիթով առաջնորդը տէր հօր նուիրեց Հայաստանի վանքերը եւ եկեղեցիները ներկայացնող՝ Հրայր Բազէի կողմէ պատրաստուած գունազարդ վերջին ալպոմը։ Խորէն քահանան երախտագիտութեան խօսքերով հանդէս եկաւ եւ համառօտ կերպով ներկայացուց անցնող ինը տարիներու իր ծառայութեան շրջանը։
Ապա առաջնորդը ներկայացուց նոր հոգեւոր հովիւը, երէցկինն ու իրենց երկու զաւակները՝ Յակոբը եւ Վարդանը, եւ անդրադարձաւ անոնց նուիրեալ ծառայութեան։ Սրբազանը տէր հօր եւ իր ընտանիքին յանձնարարեց ամբողջական հաւատարմութեամբ ու նուիրումով ծառայել Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին, ապա տէր հօր նուիրեց ձեռաց խաչ մը՝ մաղթելով անձնուէր ծառայութիւն եւ «Կենաց Բան»ին հաւատարիմ քարոզութիւն։
Նոր հոգեւոր հովիւը գոհունակութիւն յայտնեց, որ կը գտնուի այս ծուխէն ներս, նոր ծառայութեան այս հանգրուանին, ու իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց խոնարհաբար ծառայելու Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ եւ ծխական համայնքին։
Սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով երեկոն իր աւարտին հասաւ, ապա ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա»ն, որմէ ետք ծանօթացան իրենց նոր հոգեւոր հովիւին, երէցկնոջ, երկու մանչ զաւակներուն ու գոհունակ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.