ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- ՀԲԸՄի Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղի վարչութիւնը կը յայտարարէ, որ իր տարեկան աւանդական դաշտահանդէսը՝ Աշխատանքի օրուան առիթով (Labor Day), տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 2ին, կ.ա. ժամը 11էն մինչեւ ուշ երեկոյ, ՀԲԸՄի Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնի բակին մէջ (2495 East Mountain St., Pasadena, CA, 91104)
Հայկական եւ օտար երաժշտութեան ստեղծած ուրախ մթնոլորտին մէջ պիտի հրամցուին հայկական համադամ ճաշեր, զովացուցիչներ եւ անուշեղէն։ Պզտիկները յատուկ տեղ պիտի ունենան հաճելի խաղեր խաղալու, իսկ միւսները պիտի կրնան օգտուիլ զանազան կրպակներէն, ուր վաճառականներ պիտի ներկայացնեն իրենց ծախու ապրանքները։
Մուտքի տոմսին արժէքն է 5 տոլար: Տոմսը պիտի ծառայէ նաեւ որպէս վիճակահանութեան տոմս։ Վիճակահանութեան դր-ուած են շատ արժէքաւոր նուէրներ, ինչպէս օդանաւով երթ ու դարձի տոմսակ։
Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (626) 794-7942 թիւին կամ այցելել www.facebook.com/AGBUPasadenaChapter կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.