
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- 13ամեայ Դանիէլ Եագուպեան հասած է գիտական ու ճարտարագիտական «Պրոտքեմ Մեսթըրզ 2013» ազգային մրցանքի կիսաւարտական հանգրուանին։ Դանիէլ Եագուպեան կ՛ուսանի Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Յովսէփեան» վարժարանը եւ 8րդ դասարանի աշակերտ պիտի ըլլայ 2013-2014 տարեշրջանին։
Նշանաւոր գիտնականներու, ճարտարագէտներու եւ ուսուցիչներու ուշադիր գնահատումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու տարածքէն ներկայացուած աւելի քան 6000 թեկնածուներու նախագիծերէն ըն-տրուած է Դանիէլ Եագուպեանի նախագիծը։ Մրցումի մասնակիցներուն կարգին են միջնակարգի բաժինի աշակերտներ, որոնք իրենց ապրած նահանգներուն մէջ համապատասխան մրցանքներու մէջ յաջողութիւն ապահոված էին՝ մաս կազմելով լաւագոյն տասը առ հարիւրին։
Դանիէլ Եագուպեան իրաւունք ստացած է «Պրոտքեմ Մեսթըրզ 2013» ազգային մրցանքին մասնակցելու՝ այս տարուան Մարտ ամսուն կազմակերպուած Լոս Անճելըս գաւառի գիտական մրցանքին ընթացքին երկրորդ դիրքը գրաւելով:
Եագուպեանի նախագիծը կ՛առնչուի աւելի արդիւնաբեր ձեւով արեւու ճառագայթէն ուժանիւթ ապահովելու ջանքերուն: Սոյն մրցանքին աւարտական հանգրուան հասնող 30 փոքրիկ գիտնականները պիտի շահին մայրաքաղաք Ուաշինկթըն այցելելու եռօրեայ պտոյտ մը, որուն ընթացքին անոնք իրենց աշխատանքը պիտի ներկայացնեն դատակազմին: Մրցումին գլխաւոր մրցանակը 25,000 տոլար է:
Դանիէլ Եագուպեան նաեւ դիմում կատարած է Միացեալ Նահանգներու արտօնագրային վարչութեան (Patent Office), իր յայտնագործութեան մենաշնորհը ապահովելու համար։