
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կարիքը ունի գործադիր տնօրէնի մը ամերիկեան ցամաքամասի իր վարչական գրասենեակին համար: Գրասենեակը կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ:
Պարտականութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ.
– Հիմնադրամներու գոյացման հետ առնչուող պարտականութիւններ. նուիրատուներու մասին տեղեկութեան շտեմարանի պատրաստութիւն, տեղեկատուական գրականութեան ցրուում՝ հաւանական նուիրատուներու, հիմնադրամներու գոյացման հետ առնչուող հաղորդակցութիւններու, հանդիպումներու եւ ժողովներու կազմակերպում, հիմնադրամներու գոյացման ծառայող կայքէջի մը ստեղծում, կազմակերպում եւ կառավարում:
– Նիւթական աջակցութեան ապահովում պետական հաստատութիւններէ, հիմնարկներէ եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններէ:
– Համազգայինի մշակութային գործունէութեան ծաւալում ամերիկեան ցամաքամասին մէջ. բարձրորակ մշակութային ձեռնարկներու եւ մշակութային-գեղարուեստական տարածաշրջանային շրջագայութիւններու կազմակերպում, կազմակերպական նպաստ՝ մշակութային-գեղարուեստական փոխանակումներու ամերիկեան ցամաքամասի հայ համայնքներուն եւ Սփիւռքի այլ հայ համայնքներու միջեւ, ինչպէս նաեւ՝ ամերիկեան ցամաքամասի հայ համայնքներուն եւ Հայաստանի միջեւ:
– Ամերիկեան ցամաքամասի Համազգայինի տեղեկատուի հրատարակում եւ ցրւում:
– Ամերիկեան ցամաքամասի Համազգայինի կայքի ստեղծում, կազմակերպում եւ կառավարում:
– Ամերիկեան ցամաքամասի վարչական գրասենեակի կառավարում, որ կը ներառէ կազմակերպչական աշխատանքներ, անհրաժեշտ տեղեկութեանց մէկտեղում, արխիւային դասաւորումներ եւ հաշուակալութիւն:
Թեկնածուի անհրաժեշտ յատկանիշներ.
– Պսակաւոր արուեստից (BA) վկայական, նախընտրաբար Հիմնադրամներու գոյացման կառավարման (Fundraising Management), Ոչ հասութաբեր ձեռնարկութիւններու ղեկավարման (Nonprofit Management), Մարդասիրական ուսմունքի (Philanthropic Studies) կամ համարժէք համալսարանական ճիւղերու մէջ:
– Փափաքելի է փորձառութիւնը հիմնադրամներու գոյացման կառավարման, ոչ հասութաբեր ձեռնարկութիւններու կառավարման կամ մարդասիրական ձեռնարկութիւններու աշխատանքներուն մէջ:
– Փայլուն կազմակերպչական հմտութիւն եւ բազմատեսակ աշխատանքային պահանջներու միջավայրի ու աշխատանքային պահանջկոտ պայմաններու մէջ գործելու ունակութիւն:
– Հայերէն եւ անգլերէն լեզուներու (գրաւոր եւ խօսակցական) տիրապետում:
– Յարաբերական եւ հաղորդակցական ունակութիւն: Ծրագիրներ յաջող կերպով ներկայացնելու կարողութիւն:
– MS Word, Excel, Power Point, Outlook եւ տեղեկութեանց շտեմարանններու ղեկավարման համակարգչային ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ համացանցի եւ համացանցային ընկերային հաղորդամիջոցներու գործածութեան տիրապետում:
Աշխատավարձ.
Աշխատավարձը՝ մասնագիտութեան եւ փորձառութեան համեմատ:
Դիմումնագիրները ե-նամակով ուղարկել central@hamazkayin.com հասցէին, նիւթի տուփիկին (subject line) մէջ նշելով՝ «Գործադիր տնօրէնի պաշտօն»:
Դիմումնագիրներու ընդունման վերջին թուական՝ 30 Նոյեմբեր, 2013: Այս թուականէն ետք դիմումնագիրներ պիտի չընդունուին:
Պատասխան պիտի ստանան միայն տեսակցութեան համար անհրաժեշտ պայմանները լրացնող թեկնածուները: