ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռուսիա տուած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ 3 Սեպտեմբերին Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Նախագահին մամլոյ գրասենեակէն յայտնած են, թէ բանակցութիւններուն ընթացքին կը նախատեսուի երկկողմանի օրակարգի հիմնական հարցերու շուրջ միտքերու փոխանակում, ներառեալ՝ քաղաքական, առեւտրատնտեսական, ուժանիւթի եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ փոխգործակցութեան: Կ՛ենթադրուի նաեւ ԱՊՀ տարածքին մէջ համարկման գործընթացներու եւ Հարաւային Կովկասին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման վերաբերող հարցերու քննարկում:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.