
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մուշի մէջ հայկական պատմական Քալէ թաղամասին մէջ հայկական տուներու ոչնչացումէն ետք մնացած 3-5 կանգուն շէնքերը հաւանական է, որ առնուին պետական պահպանութեան տակ. այս մասին կը հաղորդէ թրքական «aykiridogrular» կայքը:
Ըստ կայքին՝ Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնը կազմած է նախագիծ մը, որով կը նախատեսուի վերակառուցել տակաւին չքանդուած քանի մը տուներ եւ զանոնք առնել պետական պահպանութեան տակ:
Թրքական լրատուամիջոցները նախապէս հաղորդած էին, որ Մուշի հայկական պատմական թաղամասի ամբողջական քանդումը սկսած էր քաղաքի վերակառուցման պետական ծրագիրին համապատասխան, նոր բնակելի տուներ կառուցելու նպատակով, սակայն նկատի ունենալով, որ Վանի պաշտպանութեան խորհուրդը հաստատած է, թէ փլուզումի ենթարկուած շէնքերէն առնուազն մէկը պատմական հնութիւն մըն է՝ անիկա դադրեցուցած էր փլուզումը:
Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը պայքար սկսած էր՝ կանխելու համար Մուշի հայկական տուներու ոչնչացումը: