
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայաստանի եւ Արցախի կենսոլորտի պաշտպանութեան համար աշխատանք տանող «Կանաչ Հայաստան» կազմակերպութիւնը նախաձեռնած է քայլարշաւի մը, որուն նպատակն է կենսական այդ հարցը լուսարձակի տակ պահել, միաժամանակ՝ դրամահաւաք կատարել կազմակերպութեան աշխատանքներու ընդարձակման համար:
Քայլարշաւը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 22ին, կ.ե. ժամը 1էն սկսեալ: Մասնակիցները պիտի հաւաքուին Կլենտէյլի քաղաքապետարանին առջեւ ու այնտեղէն պիտի քալեն դէպի Կլենտէյլի «Վըրտուկօ» զբօսայգի՝ միանալով հոն տեղի ունեցող Հայաստանի վերանկախութեան 22րդ տարեդարձի տօնակատարութեան, ուր «Կանաչ Հայաստան»ը Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած կենսոլորտային հարցերուն մասին տեղեկութիւններ տարածելու նպատակով կրպակ մը հաստատած պիտի ըլլայ:
«Մեր աշխատանքը արդէն իսկ սկսած է արդիւնք տալու: Հայաստանէն օժանդակութեան դիմումներ կը ստանանք՝ կենսոլորտին նուազ վնաս հասցնող տնտեսական նախաձեռնութիւններ իրագործելու, միաժամանակ՝ կենսոլորտային վնասները բացայայտելու համար: Լոս Անճելըսի հայութեան աջակցութիւնը՝ այս քայլարշաւին նման նախաձեռնութեանց, ուղղակիօրէն պիտի նպաստէ Հայաստանի մէջ մեր կազմակերպութեան աշխատանքներուն», կը յայտնէ կազմակերպութեան հիմնադիրներէն Ալֆրետ Եսայեան: