ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» թերթը իր Ուրբաթ, Օգոստոս 30ի թիւով անդրադարձած է Կլենտէյլի հայութեան մտահոգութիւններուն՝ սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակին կապակցութեամբ, Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեանց դիմելու համար Քոնկրեսէն արտօնութիւն խնդրելու նախագահ Պարաք Օպամայի դիմումին առիթով:
Յօդուածը ստորագրած են Պրիթնի Լեւին եւ Վերոնիքա Ռոխա:
Յօդուածին մէջ կը շեշտուի, թէ Կլենտէյլի հայութիւնը կ՛ընդդիմանայ նման զինուորական գործողութեան մը: «Չեմ ուզեր, որ երկիրս քանդումի վաճառական ըլլայ, որովհետեւ որեւէ զինուորական գործողութիւն անպայմանօրէն մահ ու քանդում պիտի պատճառէ», յօդուածին մէջ ըսած է սուրիահայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելու համար Համահայկական մարմինի ատենապետ Զաւէն Խանճեան:
Նաեւ կը շեշտուի, թէ Կլենտէյլի հայերէն շատերը մտահոգ են յատկապէս Հալէպի եւ հոն մնացող ու ամէնօրեայ դարձած առեւանգումներ եւ տնտեսական ու այլ դժուարութիւններ դիմագրաւող հայութեան վիճակով՝ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ամերիկեան յարձակումէն անոնք աւելիով պիտի տուժեն:
ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լենա Պօզոյեան եւս իր կարծիքը յայտնած է յօդուածագիրներուն՝ նշելով, թէ սուրիահայութիւնը արդէն իսկ նախապատրաստութիւններ կը տեսնէ դիմագրաւելու համար ամերիկեան զինուորական յարձակումին պատճառելիք վնասները, եւ աւելցնելով, թէ հայութիւնը մեծապէս մտահոգ է ամերիկեան յարձակումին ունենալիք հետեւանքներէն ու կը հաւատայ, որ ռազմական քայլերը լուծում մը պիտի չբերեն տագնապին, այլ կրնան տարածաշրջանին կացութիւնը աւելիով վատթարացնել ու ապակայունացնել:
Իր կարգին, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեան կոչ ըրած է բոլոր կողմերուն, որ «հանդարտին» ու սպասեն ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ու Քոնկրեսի որոշումներուն՝ զինուորական որեւէ քայլ առնելէ առաջ, նոյնիսկ եթէ այդ յարձակումը սահմանափակ պիտի ըլլայ իր տարողութեամբ: Ան աւելցուցած է, թէ կողմերը պէտք է նկատի առնեն, որ «երկաթեայ ձեռքով» իշխող Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ընդդիմադիրները շատ ալ պարկեշտ մարդիկ չեն:
Վերջապէս, իր ինքնութիւնը բացայայտել չուզող սուրիահայ քաղաքացի մը, որուն ընտանեկան պարագաները Սուրիա կը գտնուին, յոյս յայտնած է, որ երկրէն հեռանալ փափաքողներուն համար ապահով ելք մը կ՛երաշխաւորուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.