
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Նուպարաշէնի թիւ 11 դպրոցին ի նպաստ ձեռնարկ մը:
«Ժողովուրդ ժողովուրդին համար» կազմակերպութեան նախաձեռնած սոյն ձեռնարկին ընթացքին պիտի ցուցադրուին Երուանդ Քոչարի ու Սերկէյ Փարաճանովի նուիրուած ֆիլմեր, իսկ արուեստագէտներուն մասին պիտի խօսի դոկտ. Լաուրի Ռամին:
Ձեռնարկին ընթացքին գիրքերու կամ արուեստի գործերու վաճառքէն գոյացած գումարը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի մտովին թերաճ երեխաներու յատուկ վերոյիշեալ վարժարանին:
Մուտքը ազատ է, իսկ գրադարանին հասցէն է՝ 222 East Harvard Street, Glendale, California, 91205: