ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, Օգոստոս 27ի երեկոյեան, Ազգ. առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի վարչութեան՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Թոմիկ Աբրահամեանի: Ներկայ էր նաեւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեան:
«Արարատ»ի ներկայացուցիչները եկած էին առաջնորդ սրբազանը պաշտօնապէս հրաւիրելու մասնաճիւղի 35ամեակի տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 19ին: Անոնք ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցան տօնախմբութեան կարգ մը մանրամասնութիւններուն մասին, ի շարս որոնց՝ յատուկ պատիւի արժանացնել «Արարատ» միութեան եւ առ հասարակ հայկական միութեանց նուիրեալ սպասարկու æասիկ Ճառահեանը, որ պիտի հռչակուի միութեան «Պատուոյ անդամ»:
Հանդիպումը առիթ եղաւ սեղմ գնահատական մը կատարելու «Արարատ» մասնաճիւղի աւելի քան երեք տասնամեակներու գործունէութեան, որ յարաճուն կերպով ծաւալած է տարուէ տարի՝ մասնաճիւղը օժտելով երկու կեդրոններով, ուր մարզական, ազգային եւ մշակութային սնունդ կը ջամբուի հազարաւոր մարզիկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու: Վարչական ներկայացուցիչները գոհունակութեամբ խօսեցան սկաուտական եւ մարզական կալուածներու մէջ այս միութեան արձանագրած նուաճումներուն մասին՝ ՀՄԸՄական, համահայկական եւ ամերիկեան մակարդակներու վրայ, միաժամանակ նշելով, որ այս միութեան աշխատանքի դաշտերը կը տարածուին նաեւ մշակոյթի ոլորտին վրայ. արդարեւ՝ պատանիներուն կը տրամադրուի հայկական մշակոյթի դասընթացքներ: Հսկայածաւալ այս աշխատանքին համար, միութիւնը կը վստահի բուռ մը նուիրեալ գործիչներու, սակայն նաեւ՝ հարիւրաւոր կամաւորներու, որոնց միացեալ ու ներդաշնակ ճիգերով «Արարատ»ի ջահը կը մնայ բարձր, աւելի՛ լուսաւոր:
Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց այս այցելութիւնը եւ բարձր գնահատեց «Արարատ» մասնաճիւղի բեղուն գործունէութիւնը, որ հպարտութիւն կ՛առթէ ո՛չ միայն ՀՄԸՄին, այլ ամերիկահայութեան ու մեր ամբողջ ժողովուրդին: Ան օրհնեց «Արարատ»ի վարչականներուն եւ կամաւորներուն նուիրումը՝ մաղթելով, որ 35ամեակի հանգրուանը ըլլայ նոր մեկնակէտ մը դէպի նոր նուաճումներ:
Հրաժեշտի պահուն, առաջնորդ սրբազանը նաեւ յուշանուէրներ յանձնեց հիւր վարչականներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.