ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Զաւակներ մեծցնելով ծնողական աստուածահաստատ հոգիի պարտք կատարելու նման սուրբ գործ չկա՛յ այս կեանքին մէջ: Նուիրական առաքելութիւն, որուն երբեմն նոյնիսկ անգիտակցաբար կը լծուին շատ երիտասարդ ծնողներ: Կարելի չէ՛ այդ առաքելութիւնը ժխտել, մերժել, դրժել, կամ ատոր դիմաց թումբ կանգնել: Ատոր մասին ըսելիք չկայ:
Մեր վերնագիրը թերեւս առաջին հայեացքով այդ տպաւորութիւնը թողու, այդ պատճառով ալ ստիպուեցանք այս բացատրականը գրել: Սակայն, մեր նիւթը չի՛ վերաբերիր ատոր: Այլ՝ ընկերային կեանքի մէջ փոքր հարցերը մեծցնելու ու կեանքը բարդացնելու երեւոյթն է մեր քննարկումի առարկան:
Առաջին իսկ առիթով պէտք է հաստատել, թէ տարբեր մարդոց բնաւորութիւնները մեծ դեր կ՛ունենան հարցերը դիտելու ու անոնց լուծում բերելու ձեւերուն մէջ: «Որքա՛ն մարդ, այդքա՛ն բնաւորութիւն», կ՛ըսէին հիները: Ոմանք պատահած տուեալ դէպք, դրական թէ ժխտական, շուտով մոռնալու ունակութիւնը ունին, իսկ ուրիշներ մինչեւ իսկ իրենց կեանքին վախճանը կը յիշեն որեւէ դէպք, որ պատահած է, եւ կրնան ատիկա վերապատմել ու վերստին ներկայացնել ամենայն հարազատութեամբ: Կեանքի մէջ պատահած որեւէ դէպք մանրամասնութեամբ քննարկելը կամ լրջութեանբ դիտելը, նաեւ խառնուածքի հարց է: «Անտարբերութիւն» պէտք չէ՛ կոչել այն երեւոյթը, երբ մարդ իր շուրջը պատահած դէպքերուն մեծ ուշադրութիւն չ՛ընծայեր: Նոյնիսկ դրական կարելի է որակել այս մօտեցումը, որովհետեւ ամէն ինչով շատ հետաքրքրուողը, իր գործին չի՛ կրնար հասնիլ, ու առօրեայ իր հոգերը շա՛տ աւելի կը բարդանան:
Շրջապատի անցուդարձով շատ չհետաքրքրուող մարդուն երբեմն «անհոգ մարդ» պիտակը կը փակցնեն՝ նոյնիսկ ծիծաղի առարկայ դարձնելով զայն, երբ հարցերուն պաղարիւնութեամբ փորձէ մօտենալ ան: «Օձը վրան նետես՝ դարձեալ չի՛ շարժիր», կ՛ըսեն իրեն մասին, սակայն առանց գիտնալու, թէ ենթական պարզապէս չ՛ուզեր հետաքրքրուիլ, իր կեանքը չխճողելու եւ հանդարտութեամբ իր գործին նայելու համար միայն:
Այլ խառնուածքի տէր մարդիկ, յատկապէս՝ միշտ զուարթ երեւոյթով մանկամիտներ, իրենց շրջապատի հարցերուն մասին սովորական հետաքրքրութիւն ունենալէ բացի, հաճոյք կը զգան նոր նիւթեր իմանալէ, զանոնք քննարկելէ, մեծցնելէ ու մանաւանդ՝ ծիծաղելէ: Ասոնց համար ամէնէն հետաքրքրական նորութիւնները ուրիշին անձնական կեանքին վերաբերող նիւթերն են, երբեմն՝ մանրուքներ, աննշան դէպքեր կամ խօսքեր, որոնք իբրեւ աշխարհի կարեւորագոյն պատահարներ՝ շուտով ասոր ու անոր կը ներկայացնեն, չկարենալով իրենց թուքը կլլելու իսկ վայրկեան յատկացնել: Իսկ իրենց լսած այդ անկարեւոր խօսքերը, երբեմն մեծ իմաստասէրներու մտածումներուն նման գոց կը սորվին, որպէսզի կարենան յարմար թէ անյարմար առիթներով արտասանել, «հաճելի պահ» ստեղծելու համար իրենց ընկերական շրջանակին մէջ: Ասիկա կ՛ընեն, անշուշտ, առանց անդրադառնալու, որ նոյն պահուն իրենցմէ բացի ո՛չ ոք կը խնդայ կամ հաճոյք կ՛առնէ մանկամտօրէն ներկայացուած այդ «թատրոն»էն, նման այն ներկայացումներուն, ուր մանուկներ ծաղրածուին խեղկատակ շարժումները դիտելով իրենց ծիծաղէն կը նուաղին, մինչ զիրենք այնտեղ տանող չափահասներ իրենց ժամացոյցին կը նային՝ տուն վերադարձի վայրկեանները հաշուելով:
Վերջապէս, իրենց իմացածը մեծցնող եւ զարդարուն պատմուճանով ներկայացնող վերոյիշեալ մանկամիտներուն եթէ հարցուի, թէ ի՞նչ է իրենց շահը այդ բոլորին մէջ, վստահաբար պիտի չկարենան պատասխան տալ, որովհետեւ անոնց խելքի սահմանափակութիւնը չ՛արտօներ նոյնիսկ այդ պահուն յարմար պատասխան յօրինել տրուած հարցումին, ու անոնք կը բաւարարուին ծիծաղելով, այդպիսով՝ առաւել եւս հաստատելով իրենց մանկամտութիւնը:
«Մրջիւնը փիղի մի՛ վերածեր» խրատը յաճախ լսուած կրնայ ըլլալ, ուղղուած՝ ոչինչէն մեծ խնդիրներ յարուցանող մարդոց: Պատկերաւոր այս բացատրութիւնը կը տրուի առհասարակ վերոյիշեալ միջատին ու ամէնէն հսկայ կենդանիներէն՝ փիղին համեմատական տարբերութիւնը օրինակ ծառայեցնելու համար: Մէկուն աննշան փոքրութիւնը, իսկ միւսին անժխտելի հսկայութիւնը ընկերային կեանքի մէջ փոքր հարցերը մեծցնելու լաւ օրինակ կը ծառայեն: Երբեմն ընկերային կեանքի մանրուք խնդիրները կը նմանցուին գիւղական արահետներէ անցած ժամանակ պատահաբար մեր ոտքերուն տակ ճզմուող մրջիւններուն, որոնց գոյութեան իսկ անդրադարձած չենք ըլլար արագօրէն այդ արահետներէն անցած պահուն: Սակայն, կան մարդիկ, որոնք այդ «մրջիւն»ի չափ հարցը «փիղ»ի վերածելով՝ թէ՛ իրենց կեանքը կը դժուարացնեն եւ թէ իրենց շրջապատին կեանքը:
Անցեալին պատահած որեւէ դէպք, անոնք նոր ախորժակով ու նոր եռանդով կը վերապատմեն, յիշողութեան արթնութիւնը կորսնցուցած ծերունիներու նման, որոնք միեւնոյն անձին, միեւնոյն պատմութիւնը, միեւնոյն բառերով ու միեւնոյն ընդհատումներով կը պատմեն՝ կարծելով, թէ առաջի՛ն անգամ ըլլալով կը ներկայացնեն այդ: Պատահած է նաեւ, որ լսողներ իրենք օգնած են այդ ծերունիներուն՝ վերյիշեցնելով որոշ մանրամասնութիւններ դրուագէն, զարմանք պատճառելով վերջիններուն, որոնց համար իրենց պատմութիւնը լսողը կանխագուշակ մարգարէի երեւոյթ կը զգենու:
Լսուած պատահարին կամ խօսքին մեծութիւնը պատմողին կողմէ յաճախ կրկնուելէն կախեալ չէ՛: Աստուածատուր տրամաբանութիւնը, որ բանականութեամբ զատորոշուող մարդ էակին ամէնէն մեծ հարստութիւններէն մէկն է՝ առողջութեան հետ միասին, կրնայ ներկայացուած նիւթին կարեւորութիւնը կամ լրջութիւնը չափել: Մանկամիտ պատմողներուն համար, թերեւս իրենց ներկայացուցած նիւթերը պետական մեծ գաղտնիքներու չափ կարեւորութիւն կրնան ունենալ, սակայն ունկնդրողներն են, որոնք պիտի որոշեն թէ՛ ներկայացուածին անհրաժեշտութիւնը եւ թէ ներկայացնողին խելքին մակարդակը:
Շատ փոքրիկ տարիքի երեխաներու դաստիարակութեան լծուած մանկավարժներու յատուկ վերաորակաւորման դասընթացքներ կը կազմակերպուին համապատասխան կրթական մարմիններու կողմէ, պարզապէս մասնագիտօրէն անոնց ուղղութիւն տալու, որպէսզի չազդուին մանուկներու պարզամտութենէն, այլ՝ ընդհակառակը, անոնց միտքի արթնութեան օգտակար հանդիսանան՝ սրամիտ խօսքերով ու անոնց տրամաբանութիւնը շարժման մէջ դնող խաղերով: Այս իմաստով, բնականօրէն մանկամիտ ծնած ու բնա՛ւ հասունութեան չհասած չափահասներ պէտք չէ՛ երբեք մանուկներու դաստիարակութեան աշխատանքին լծուին, որովհետեւ իրենց մէջ կրնայ շատ աւելի շեշտուիլ պարզամտութիւնը, որով կը սկսին կեանքի ամէնէն պարզ երեւոյթները մեծցնելու եւ «փիղ»ի վերածելու՝ մանկունակ հաճոյքով:
Թէ ովքե՞ր կ՛ըլլան առաջին վնասուողները այս երեւոյթէն՝ պարզ է. հարցերը մեծցնողները, իրե՛նք: Որովհետեւ ամէն մարդ կը սկսի իրենց անունով մէջբերելու այն նիւթը, զոր յաճախ պատմած են իրենք եւ որուն շրջանառութեան կամ վաճառքի «իրաւունք»ն ալ իրե՛նց անունով հրապարակ կը դրուի:
– Մի՛ մեծցներ:
Այս պարզ խրատին ետին կայ շա՜տ մեծ իմաստ, որ մարդկութեան կեանքին մէջ յառաջ եկող դժուարութիւններու լուծման բանալին է: Եթէ ամէն տեսածդ, ամէն լսածդ, ամէն խօսածդ, ամէն տեղ պիտի ըսես, փիղէն աւելի մեծ կենդանիի օրինակը պէտք պիտի ըլլայ՝ կատարած աւերդ ներկայացնելու համար: