Սեպտեմբեր 6ին, Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Օգոստոս ամսուան ընթացքին անգործութեան համեմատութիւնը իջած է 7.3 առ հարիւրի՝ Յուլիսին արձանագրուած 7.4 տոկոսին փոխարէն: Տնտեսագէտներ կը յայտնեն, թէ այս տուեալը, տնտեսութեան բարելաւումի ցուցանիշ մը ըլլալէ աւելի, կապուած է այն իրողութեան հետ, որ Օգոստոսին 312,000 հոգի դադրած է աշխատանք փնտռելէ: Նաեւ, նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ նախապէս հաղորդուած Յունիս եւ Յուլիս ամիսներու տուեալներուն մէջ ստեղծուած աշխատանքի առիթներուն ընդհանուր թիւը 74,000ով աւելի եղած է, քան իսկական տուեալը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.