ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մօտ Եգիպտոսի դեսպան Ապտըլ Ռահման Սալահ Գահիրէ պիտի մնայ եւ ներկայիս Անգարա պիտի չվերադառնայ: Պատասխանելով թուրք դեսպանը Գահիրէ վերադարձնելու Անգարայի որոշումին հակադարձելու մասին հարցումի մը՝ նախարարութեան բանբեր Պատր Ապտըլաթի յայտնեց, որ «երբ թուրք պաշտօնատարները դադրին Եգիպտոսի ներքին հարցերուն միջամտելէ, այն ատեն կը մտածենք, իսկ ներկայիս՝ Եգիպտոսի դեսպանը Թուրքիա պիտի չվերադառնայ»: Երկկողմանի յարաբերութիւնները վատթարացած են, որովհետեւ Անգարա Եգիպտոսի նախկին նախագահ Մուհամմատ Մուրսիի հեռացումը «զինուորական յեղաշրջում» որակած էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.