
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6ին կոչ ըրաւ Պէյրութի ամերիկեան դեսպանատան մէջ գործող իր երկրորդ կարգի պաշտօնեաներուն, որ հեռանան դեսպանատունէն, ինչպէս նաեւ զգուշացուց իր քաղաքացիները Լիբանան այցելելէ, ապահովական պատճառներով: Աուքար գտնուող ամերիկեան դեսպանատան դիմաց ապահովական մարմինները արտակարգ միջոցառումներու դիմեցին՝ պաշտպանելու համար դեսպանատունը: Նախարարութիւնը նաեւ կոչ ըրաւ իր քաղաքացիներուն, որ Թուրքիա չայցելեն: Հաղորդուեցաւ, որ Ատանայի մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանի դիւանագիտական ներկայութիւնը նուազեցնելու քայլեր կ՛առնուին: