ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հայաստանի գլխաւոր դատախազի՝ Աղուան Յովսէփեանի, պաշտօնավարութեան ժամկէտը հասած է իր աւարտին: Երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ընդունելով գլխաւոր դատախազը՝ շնորհակալութիւն յայտնած է անոր ծառայութիւններուն համար եւ, բարեբախտաբար, խօսած է անոր հետագայ գործունէութեան մասին… դատախազութենէն դուրս՝ մեզ մղելով եզրակացնելու, որ երկրին մէջ անարդարութեանց գլխաւոր հովանաւորներէն մէկէն պիտի ազատինք, վերջապէ՛ս:
Գլխաւոր դատախազի պաշտօնի առանցքային ըլլալուն մասին վէճ կարելի չէ ունենալ: Արդարադատութեան համակարգի փտածութեան, դատարաններու մէջ հարցեր լուծելու, հարցեր ստեղծելու, ճնշելու, բռնանալու, վախցնելու ոլորտին մէջ վճռական դէմքն է գլխաւոր դատախազը, որուն գործողութիւնները չեն կրնար համաձայնեցուած չըլլալ երկրի բարձրագոյն իշխանութեան գլուխ կանգնողին՝ նախագահին հետ:
Հիմա, այս պաշտօնեան պիտի միանայ իրենց կեանքը խաղաղ ու հանգիստ շարունակող բազմահարիւր այն կաշառակեր պաշտօնեաներուն, որոնք յաջողեցան պլստալ, խուսափիլ իրենց յանցագործութեանց համար պատասխանատուութեան կանչուելէ, եւ կը վայելեն իրենց թալանը, կողոպուտը, անարդար վաստակը:
Ժամանակին, Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիներուն, քաղաքական առաջին գլխաւոր դէմքերէն՝ վարչապետ Վազգէն Մանուկեան, երկիրին մէջ առողջ մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով որոշած էր համայնավարական շրջանի բարձր պաշտօնեաներու յանցանքներն ու ալան-թալանը «չտեսնել», միեւնոյն ժամանակ յուսալով, որ անոնք իրենց կուտակած հարստութիւնը հանրապետութեան մէջ պիտի ներդնեն՝ այդ ձեւով նպաստելով երկրի տնտեսութեան:
Դժուար է հաշուարկել, թէ նախկին առաջին, երկրորդ, երրորդ քարտուղարներուն ու անոնց յարակից պաշտօնէութեան հաւաքած կաշառքները որքանո՛վ մտան մեր երկրի տնտեսութեան մէջ՝ եթէ երբեք մտան, բայց թալանուած հարստութիւնը հանգիստ խիղճով վայելելու աւանդոյթը հաստատօրէ՛ն ամրագրուեցաւ մեր նորանկախ պետականութեան մէջ: