
Կիրակի, Սեպտեմբեր 1ին Նիւ Եորքի Հայ աւետարանական գաղութի նորանշանակ պատուելի Հայկ Խրլոբեան կատարեց իր անդրանիկ քարոզը տեղւոյն գաղութի եկեղեցիէն ներս:
Փրինսթընի համալսարանը աւարտած պատուելի Խրլոբեան փոքր տարքէն ծառայած է շրջանի հայ աւետարանական գաղութի կեանքէն ներս, յատկապէս իր մասնակցութիւնը բերելով երիտասարդական հաւաքներուն:
Ան նաեւ մօտէն գործակցած է պատուելի Նշան Պաքալեանի հետ:
Հայ աւիետարանակչական հիմնարկի տնօրէն Լեւոն Ֆիլեան այս առթիւ խօսք առնելով ներկայացուց երտասարդ պատուելին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր: Ան նաեւ մօտէն անդրադարձաւ Հալէպի դաժան կացութեան մասին, յայտնելով, որ շրջանի գաղութը ամէն ջանք կը թափէ, պահելու համար պատմութիւն կերտած այդ գաղութը:
Ֆիլեան նաեւ կոչ ուղղեց, որ ներկաները իրենց նիւթական օժանդակութիւնը տրամադրեն Հալէպի հայութեան:
Ձեռնարկի աւարտին կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն եւ ներկաները աւելի մօտէն ծանօթացան պատուելի Հայկ Խրլոբեանին: