
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11ի առաւօտուն, Պիքֆայայի մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտըլ Քարիմ Ալիի: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Հանդիպման ընթացքին, Սուրիոյ դեսպանը վեհափառ հայրապետին պարզեց ներկայիս Սուրիոյ ներքին կացութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ գծով վերջին զարգացումները՝ միջազգային մակարդակի վրայ: Ան շեշտեց, որ քիմիական զէնքերը երբե՛ք չեն գործածուած իշխանութեան կողմէ, հետեւաբար՝ ստեղծուած վերջին կացութիւնը կազմակերպուած դաւ մըն է իշխանութեան դէմ, հրահրելու համար արեւմտեան կարգ մը երկիրներ: Ան ողջունեց վերջին օրերուն զարգացող դիւանագիտական մօտեցումները:
Վեհափառ հայրապետը իր կարգին կարեւորութեամբ ընդգծեց սուրիական հարցին քաղաքական լուծում մը տալու հրամայականը՝ յայտնելով, որ ամէն գնով հարկ է շրջանը հեռու պահել զինուորական միջամտութիւններէ, որոնք կրնան աննախատեսելի հետեւանքներ ունենալ Միջին Արեւելքէն ներս: Վեհափառը նաեւ շեշտեց, որ սուրիահայութիւնը միշտ երախտապարտ կը մնայ սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին նկատմամբ՝ երբե՛ք չմոռնալով Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդին նկատմամբ սուրիացի ժողովուրդին ցուցաբերած եղբայրական ոգին: Վեհափառը նաեւ վստահեցուց, թէ սուրիահայութիւնը միշտ կառչած կը մնայ Սուրիայէն ներս իր քաղաքացիական ու համայնքային պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն: