Երեքշաբթի, 10 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ երիտասարդական արուեստի ցուցահանդէսով սկիզբ առաւ Մուսայ լերան հերոսամարտի 98ամեակի ձեռնարկներու շարքը, որ պիտի երկարի մինչեւ Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր :
ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական եանձնախումբին եւ Մուսայ լերան հերոսամարտի 100ամեակի կեդրոնական մարմինին անունով ներկաները ողջունեց Եսայի Հաւաթեան՝ բացուած յայտարարելով հերոսամարտի 98ամեակի ձեռնարկներու շարքը եւ հրաւիրելով Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչը՝ ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանելու:
Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով խօսք առաւ Լիզա Թիւմպերեան-Հեքիմեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղի «Ռ. Նաքեան» արուեստի դպրոցի յանձնախումբին, որ կազմակերպած էր այս գեղանկարչական ցուցահանդէսը՝ հանրութեան ներկայացնելով երեք խոստմնալից երիտասարդներ՝ Շողակ Գապաքեան, Նայիրի Թասլաքեան եւ Արմիկ Քերքեզեան: Ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց իւրաքանչիւր գեղանկարիչի կենսագրականը՝ յոյս յայտնելով, որ այս ուժերը յետագային հանդէս գան անհատական ցուցահանդէսներով:
Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան գեղանկարիչները հրաւիրեց երեք գեղանկարիչները եւ «Ռ. Նաքեան» արուեստի դպրոցի ուսուցիչ, գեղանկարիչ Կարպիս Քէնտիրճեանը՝ բացումը կատարելու ցուցահանդէսին:
Ներկաները առիթն ունեցան տեսնելու տարբեր թեմաներով 31 գեղանկարչական աշխատանքներ: Դիտողները բարձր գնահատեցին երեք գեղանկարիչներուն աշխատանքները յաջողութիւն մաղթելով անոնց:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց մնաց յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.