ՄՈՍԿՈՒԱ, ԺԸՆԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ Ժընեւի մէջ Սուրիոյ տագնապին շուրջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ճան Քերիի եւ Սերկէյ Լաւրովի միջեւ մէկ օր առաջ սկսած խորհրդակցութիւնները կը շարունակուէին Ուրբաթ, Սեպտեմբներ 13ին, Քերի յայտարարեց, որ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ Լաւրովի հետ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակէ երկու շաբաթէն (հաւանաբար Սեպտեմբեր 28ին), իսկ կողմերը պիտի կատարեն իրենց «տնային պարտականութիւնները»: Քերի, որ Կիրակի օր Իսրայէլ այցելելով հանդիպում պիտի ունենայ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ, յոյս յայտնեց, որ երկու շաբաթէն կարելի կ՛ըլլայ ճդել «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի թուականը:
Միւս կողմէ, ռուսական «Ռոսիա 24» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յաայտարարեց, թէ Սուրիա իր քիմիական զէնքերը պիտի չյանձնէ, եթէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները շարունակեն զինեալ ընդդիմութիւնը: Ամերիկեան յարձակումի մը սպառնալիքին վերջ մը դնելու կոչ ընելով՝ Ասատ նաեւ պահանջեց, որ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցուի, անկէ խլելու համար հիւլէական զէնքերը, մինչ ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ճաաֆարի ՄԱԿին ներկայացուից Իսրայէլի հակակշիռին տակ գտնուող քիմիական զէնքերու ցանկը: Ան նաեւ յայտարարեց, որ Սուրիա պաշտօնապէս միացած է քիմիական զէնքերու տարածումը արգիլելու միջազգային համաձայնագիրին եւ նշեց, թէ Սուրիա «պատրաստ է հիւրընկալելու քիմիական զէնքի տարածման արգիլման կազմակերպութեան մասնագէտները, որպէսզի մեզի օգնեն ռուսական նախաձեռնութիւնը գործադրելու մէջ»:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ողջունեց քիմիական զէնքի տարածման արգիլման համաձայնութեան միանալու Սուրիոյ քայլը եւ նշեց, որ որոշումը Սուրիոյ մտադրութեանց լրջութիւնը ցոյց կու տայ:
Փութինի հետ Ուրբաթ օր հանդիպում մը ունեցած Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի եւս դրուատեց քիմիական զէնքի տարածման արգիլման համաձայնագիրին միանալու Սուրիոյ որոշումը եւ զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ քիմիական զէնքերուն հարցով ռուսական նախաձեռնութեան: Ան յոյս յայտնեց, որ Ռուսիա նաեւ նեցուկ կը կանգնի Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ տարակարծութեան արագ լուծում մը գտնելու ջանքերուն:
Մինչ այդ, ՄԱԿի բանբեր Ֆարհան Հաք հաստատեց, որ Սուրիայէն ստացուած է քիմիական զէնքի տարածման արգիլման համաձայնագիրին միանալու փաստաթուղթը:
Նաեւ, ռուսական «Քոմերսանթ» թերթը բացայայտեց Սուրիոյ քիմիական զէնքերը միջազգային հսկողութեան տակ դնելու ռուսական նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները, որոնց առաջին հանգրուանին՝ Սուրիա մաս պիտի կազմէ Քիմիական զէնքի տարածման արգիլման կազմակերպութեան, իսկ երկրորդին՝ Դամասկոս իր քիմիական զէնքի արտադրութեան եւ պահեստանոցներու վայրերը պիտի յայտարարէ: Երրորդ հանգրուանին՝ քիմիական զէնքի տարածման արգիլման կազմակերպութեան հետաքննիչներուն պիտի արտօնուի այդ վայրերը այցելել, իսկ չորրորդ հանգրուանին՝ Դամասկոս միջազգային հետաքննիչներուն հետ այդ զէնքերը վնասազերծելու ձեւը պիտի որոշէ:
Իր կարգին, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլեըմ Հէյկ յայտնեց, որ «սուրիական վարչակարգին վրայ հետզհետէ աճող միջազգային ճնշումն ու Սուրիա հարուածելու ամերիկեան սպառնալիքը ազդեցիկ եղան»՝ աւելցնելով, որ սուրիական կառավարութեան կողմէ ստանձնուած որեւէ յանձնառութեան պէտք է զգուշութեամբ մօտենալ:
Իսկ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ դժուարութիւն ունի հաւատալու, թէ Ասատ քիմիական զէնքերը միջազգային հսկողութեան տակ դնելու իր խոստումը պիտի յարգէ: Ան նշեց, որ Ասատ կը փորձէ նոր «ջարդեր» կատարելու համար ժամանակ շահիլ:
Իսրայէլի ռազմավարական հարցերով նախարար Եովալ Շթայնից զգուշաւոր զօրակցութիւն յայտնեց ռուսական առաջարկին հիմամբ իր քիմիական զէնքերէն հրաժարելու Սուրիոյ քայլին՝ աւելցնելով. «Չեմ կրնար ըսել, որ ամբողջական վստահութիւն ունինք, սակայն եթէ ռուսական այս առաջարկը իրապէս Սուրիոյ քիմիական զէնքերէն ձերբազատման պիտի առաջնորդէ, ապա անիկա այս ողբերգութեան եւ սպառնալիքին վերջ տալու լաւ միջոց մըն է»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.