ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտութեան բանակցութիւնները լաւապէս յառաջ կ՛ընթանան եւ հաւանական է, որ այդ հարցով որեւէ պահու համաձայնութիւն գոյանայ:
Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը թրքական «Զաման» թերթին յայտնած է, որ «ոչ ոք անակնկալի պէտք է գայ երկու երկիրներուն միջեւ հաշտութեան եւ յարաբերութեանց բնականոնացման բանակցութեանց յառաջխաղացքով, որովհետեւ բնականոնացման հոլովոյթին դիմաց կանգնող որեւէ արգելք չեմ տեսներ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.