
Ս.Մ.
Դիտեցէք այս նկարը։ Ահաւոր ողբերգութիւն մը կը պատկերուի հոն։ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող պատերազմներուն մասին միայն «մանր» պատկերացում մը կը գտնէք հոս. հարիւրաւոր անմեղ ու պատահական զոհեր…
Բացայայտուած է ողբերգութեան մէկ այլ երեսը։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի, Ղաութայի ծանօթ դէպքէն ետք, Սուրիոյ վրայ ամերիկեան յարձակումի ընտրանքին թմբկահարման իր ճառին մէջ, այս պատկերը ցուցադրած է, ըսելով, որ հոն հաւաքուած են սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ քիմիական զէնքներով կատարուած յարձակումին զոհերը, մեծ մասամբ մանուկներ։
Լուսանկարին ցուցադրումը մեծ ցնցում պատճառած է… զայն նկարողին, որ կը կոչուի Մարքօ Տի Լաուրօ։ Մարդը ցնցուած է, որովհետեւ տեսած է, որ 2003ին իր առած այս լուսանկարը կը ցուցադրուի իբրեւ նորութիւն. Լաուրօ այս պատկերը քաղած էր Իրաքի մէջ, 2003ին…
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ ու մեկնաբանութիւններ աւելորդ կը դառնան։
Կ՛արժէ, սակայն, յիշեցնել, որ նման ստապատիր քարոզչութիւն չի կատարուիր երբեմնի խորհրդայիններուն կողմէ, այլ կը կատարուի աշխարհի հզօրագոյն եւ արդարութեան պաշտպան երկրի ամէնէն պատասխանատու մէկ պաշտօնատարին կողմէ։
Կ՛արժէ նաեւ զարմանալ լուսանկարիչին… զարմանքին համար։ Քերիի «նախահայրերը» ծանօթ են նման սարքովի վերագրումներով։ Իրաքի վրայ «հայր Պուշ»ի 1991ի յարձակումին նախապատրաստութեան քարոզչութեան ընթացքին ալ, Քուէյթէն պատկերասփռուած էր մայրանոցի մը մէջ պատահած ոճրային դէպք մը. բոյժ-քոյր մը յայտարարած էր, որ Սատտամ Հիւսէյնի ուժերը մայրանոցին մէջ բազմաթիւ նորածին մանուկներ խողխողած էին վայրագօրէն։ Կարճ ատեն ետք ի յայտ եկած էր, որ բոյժ-քոյրը իրականութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու մօտ Քուէյթի դեսպանին դուստրն էր, որ ոչ մէկ կապ ունէր հիւանդանոցներու հետ, ոչ ալ մանուկներու ջարդ տեղի ունեցած էր։
Ահա թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս կը վատնուին ճիգերը, որոնք խորքին մէջ պէտք է դրուին զինեալ զարգացումներու, ոճրային արարքներու եւ սուրիացիները ապրուստի ահաւոր վիճակներէ փրկելու ճամբուն մէջ։