
Կիրակի, Սեպտեմբերի 8ին, Ծալկա շրջանի գեղատեսիլ Այազմա գիւղին մէջ դարձեալ աշուղական երգի տօն էր: Այս գիւղը ծնած գուսան Հաւասիի (Արմենակ Պարսամի Մարկոսեան) մեծարման նուիրուած աւանդութիւն դարձած դաշտահանդէսն էր այս մէկը:
Երեք տարեկանին ծաղիկ հիւանդութեան հետեւանքով տեսողութիւնէ զրկուած Արմենակ հօր յորդորով կը սովի աշուղական արուեստը եւ արդէն տասներկու տարեկանին ընկերակցելով շրջանի աշուղներուն, կը շրջագայէր գաւառի գիւղերը, ձեռք բերելով ճանաչում եւ սէր: