
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Հայաստանի հետ լաւ յարաբերութիւնները կարեւոր էին Թուրքիոյ համար, որովհետեւ անոնք որոշակիօրէն կը նուազեցնէին Երեւանի հակաթրքական քարոզչութիւնը», թրքական «Զաման»ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Իլթեր Թուրքմեն:
Ան անդրադարձած է Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական խնդիրներուն եւ սահմանակից երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն: Ըստ անոր՝ երկրի ներկայ արտաքին քաղաքական սխալներէն մէկն է Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու նկատմամբ որդեգրուած վարկագիծը:
«Թուրքիան ազդեցիկ երկիր էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, քանի որ լաւ յարաբերութիւններ ունէր թէ՛ Իսրայէլի եւ թէ արաբական երկիրներու հետ եւ կրնար կարեւոր դեր խաղալ», ըսած է Թուրքմեն:
Դիւանագէտը նշած է, որ թէեւ Հայաստանի հարցով դրական քայլերու ձեռնարկուած են, բայց այդ ջանքերը ձախողած են: Ան ցաւ յայտնած է այդ ձախողութեան համար, որովհետեւ անոր հետեւանքով՝ Թուրքիա չի կրնար աւելի աշխոյժ դեր խաղալ Արցախի հարցի կարգաւորման մէջ:
Ան աւելցուցած է, թէ Թուրքիա պիտի չկրնայ ընկալուիլ իբրեւ ուժեղ երկիր, այնքան ատեն, որ քրտական հարցը չէ լուծուած: