
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Եւրոմիութեան հարցերով Թուրքիոյ նախարար Էկեմեն Պաղըշ Կիրակի, Սեպտեմբեր 15ին, Պոլսոյ մէջ ընդունած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը, որ անցեալ շաբաթ Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցած էր:
Ըստ «Ամերիկայի Ձայն»ին՝ Աթէշեան ըսած է, որ վերջին 10 տարիներուն Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները ականատես եղած են մեծ փոփոխութիւններու. «Մենք ստացած ենք կրօնական յաւելեալ ազատութիւններ, վերադարձուած են գրաւուած անշարժ գոյք ու ստացուածքներ: Եկած եմ ըսելու, որ լայն հնարաւորութիւններ բացուած են մեր դպրոցներուն ու պաշտամունքի վայրերուն համար, նաեւ աւելցնելու, որ մենք այլեւս երկրորդ կարգի քաղաքացիներ չենք եւ պիտի չըլլանք ապագային», ըսած է Աթէշեան, որ անցեալ շաբաթ նաեւ այցելած էր իր հայրենի Սիլվան քաղաքը՝ պատմական Նփրկերտը, որ կը նկատուի Տիգրան Մեծի կառուցուած Տիգրանակերտ մայրաքաղաքի երկու հնարաւոր վայրերէն մէկը: «Ես հեռացայ Սիլվանէն՝ աչքերս արտասուքով լեցուած, բայց կը վերադառնամ՝ ժպիտը երեսիս», ըսած է Աթէշեան:
Նախարար Պաղըշ յայտնած է, թէ ուզած է անձամբ Աթէշեանէն լսել հայրենի քաղաք կատարած իր այցելութեան մասին տպաւորութիւնները ու աւելցուցած. «Աթէշեան եղած է այդ տարածաշրջանին մէջ իրականացուած փոփոխութիւններու ականատեսը»:
Յիշեցնենք, թէ իր ճամբորդութեան ընթացքին Աթէշեանը պատարագ մատուցած էր նաեւ Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ: