ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Հայաստանի մէջ կ՛արտադրուի պանիրի մօտ 25 տեսակ: Ամէն տարի կ՛արտադրուի շուրջ 17 հազար թոն պանիր: Որոշ տեսակները, որոնց կարգին «Լոռի»ն, «Չանախ»ը, «Մոթալ»ը, «Չեչիլ»ը, «Եղէգնաձոր»ը, զուտ հայկական են:
Ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան, այս տարուան Յունուար-Յուլիսին պանիրի արտադրութիւնը Հայաստանի մէջ նուազած է 2.6 տոկոսով՝ 2012ի նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով, եւ կազմած է 10,108 թոն: Միայն Յուլիսին Հայաստանի մէջ արտադրուած է 1887 թոն պանիր:
Ըստ Պանրագործներու միութեան տուեալներուն, այժմ Հայաստանի մէջ կը գործէ պանիրի արտադրութեամբ զբաղող մօտ 70 ձեռնարկութիւն:
Ճիւղի զարգացումը խթանելու համար 2010ին պետութիւնը՝ ի դէմս Զարգացման հայկական գործակալութեան եւ Պանրագործներու միութեան, հիմնեց «Հայկական պանիր» ընկերութիւնը: Անիկա ստեղծուած է տեղական զանազան ընկերութիւններու արտադրած պանիրը «Հայկական պանիր» ընդհանուր մակնիշով արտածելու նպատակով։
Ըստ Պանրագործներու միութեան նախագահ Արմէն Գիգոյեանի, «Հայկական պանիր» ընկերութիւնը այսօր փաստօրէն չի գործեր։ 2-3 նախաձեռնութիւններէ ետք ընկերութեան գործունէութիւնը սառեցուեցաւ, քանի որ խոստացուած ֆինանսաւորումը չապահովուեցաւ: «Դա կառավարութեան հերթական նախաձեռնութիւնն էր, որը շարունակութիւն չստացաւ»:
Մասնագէտը վստահ է, որ պանիրն ու կաթնամթերքը ընդհանրապէս կրնան Հայաստանի համար «Սպիտակ ոսկի» դառնալ, քանի որ երկրին մէջ կան պանրագործութեան համար աշխարհագրական եզակի պայմաններ:
Իր կարգին, հիմնադիրը՝ ի դէմս Զարգացման հայկական գործակալութեան, մտադիր է յառաջիկայ տարիներուն 1.5 միլիոն տոլարի պանիր առաքել Ռուսիա: Գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Ռոբերտ Յարութիւնեան յայտնած է, որ «Հայկական պանիր» ապրանքատեսակը արդէն իսկ արձանագրուած է Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու առեւտրային համակարգերուն մէջ: Բացի ատկէ, ըստ անոր, Հայաստան կը բանակցի Եւրոպական Միութեան հետ՝ Ազատ առեւտուրի պայմանագիրին միանալու շուրջ, ինչ որ բոլոր հայ արտադրողները պիտի ստիպէ վերանայելու չափանիշներուն՝ զանոնք համապատասխանեցնելով միջազգային պահանջներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.