
«Հայրենիք» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ Ամերիկայի Հայ մշակութային միութեան «Սաչաքլեան» հիմնադրամը կատարած է 12,385 տոլարի նուիրատուութիւն մը: «Ալիս եւ Հերի Սաչաքլեան» հիմնադրամը 2003էն ի վեր կը գործէ եւ անոր նպատակն է նեցուկ կանգնիլ ակադեմական գրութիւններու, որոնք լոյս կ՛ընծայուին «Արմինիըն Ռիվիու»ի մէջ:
Հիմնադրամը սկսած է 250 հազար տոլարի ներդրումով եւ այսօր շնորհիւ Ամերիկայի Հայ մշակութային միութեան աշխատանքներուն, գումարը հասած է 440 հազար տոլարի: