ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- 8-11 Սեպտեմբերին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, տեղի ունեցաւ ԵՀԽի 10րդ համաժողովի «Միջ-եկեղեցական խօսակցութիւններ» բաժնի ատենապետներուն ժողովը։
Ժողովին մասնակցեցաւ Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ եւ «Միութեան հրաւէր – միջ-եկեղեցական նոր արտայայտութիւններ» խօսակցութեան ատենապետ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան։
21 «Միջ-եկեղեցական խօսակցութիւններ»ու ատենապետներ լիակատար նիստերով եւ խմբական հանդիպումներով մշակեցին համաժողովի այս կարեւոր բնագաւառը ու առին նախապատրաստական անհրաժեշտ քայլերը։
Յայտնենք, թէ ԵՀԽի 10րդ համաժողովը պիտի գումարուի 30 Հոկտեմբերէն 8 Նոյեմբեր 2013ին, Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ, ընդհանուր թեմա ունենալով՝ «Կենսաբաշխ Աստուած, մեզ արդարութեան եւ խաղաղութեան առաջնորդէ» աղօթական խնդրանքը։
Արամ Ա. վեհափառի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 9 պատգամաւորներով եւ 2 ներկայացուցիչներով պիտի մասնակցի համաժողովին։
Ժընեւ գտնուած օրերուն, Նարեկ սրբազան հանդիպումներ ունեցաւ ԵՀԽի ընդհանուր քարտուղարին եւ զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներուն հետ ու Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը քննարկեց։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.