Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Սիրելի ընթերցող,
Վստահ եմ, դուն ալ ինծի պէս քանի մը օր առաջ նշանաւոր Արքիմետէսը յիշեցիր եւ «Էվրեքա՜՜» պոռացիր, երբ Օպամայի, Փութինի, Քերիի եւ Լաւրովի յայտարարութիւններէն եզրակացուցիր, որ Սուրիոյ տագնապին «Շան Գլուխ»ը … քիմիական զէնքի պահեստներուն մէջ թաղուած է եղեր։
Մի՜ խնդար, սիրելիս. այս Էվրեքան խնդալիք բան չէ, ողբերգութիւն է։
Ողբերգութիւն՝ որ կը մատնէ «աշխարհի տէրեր»ուն կեղծաւորութիւնը, խաբեպատիր ըլլալը, երեսանցութիւնն ու դեռ՝ շատ ու շատ «արժանիքներ»։
Այս մարդիկը կա՛մ մեզ՝ հասարակ մահկանացուներս ապուշ կը կարծեն, կամ ալ յիշողութիւն ըսուած զգայարանքէն զուրկ մնացած են ի ծնէ (քաղաքական մարդոց արժանապատւութեան եւ արդարամտութեան զգացումներուն մասին խօսիլը աւելորդ է, չէ՞։ Նաեւ իրաւունք չունինք զիրենք ապուշ կոչելու, որպէսզի իսկական ապուշը… վարկաբեկ չըլլայ)։
Եթէ, ուրեմն, նախկին յայտարարութիւնները սուտ էին, եւ իրաւ է միայն այն՝ որ եթէ Սուրիոյ իշխանութիւնները լուծարքի ենթարկեն քիմիական զէնքերու պահեստները (եւ Դամասկոս ընդառաջեց այս պահանջին ու լիովին կը գործակցի ՄԱԿին հետ), տագնապը լուծում պիտի գտնէ շուտով։
Թող անմարդկային չնկատուինք, եթէ մտածենք, որ քիմիական զէնքերու զոհերուն կեանքը աւելի կ՛արժէ եղեր, քան իրենց թաղերուն ու բնակարաններուն մէջ սպաննուողներուն կեանքը, ստացուածքներու կորուստը։
Սա կը նշանակէ, որ սուտ են եղեր քաղաքական բարեկարգումի պահանջները եւ այդ պատրուակով ճամբայ հանուած «քաղաքացիական պատերազմ»ը, որ խլեց շուրջ 100 հազար զոհ, ահաւոր քանդումներ պատճառեց բազմաթիւ քաղաքներու եւ աւաններու մէջ։ Սուտ են եղեր այս կամ այն կողմին զէնք տրամադրելու եւ հակադիրները անհաշտ կռիւի մէջ նետելու պատճառաբանութիւնները։ Սուտ են եղեր, տակաւին, Հալէպի պէս բազմամիլիոնանոց քաղաքի մը պաշարումը, զայն խեղդամահ ընելու փորձը, առեւանգումներն ու ոճրային անհատնում պատահարները. այս բոլորը պարզապէս հետեւանք են եղեր սուտ պատճառաբանութիւններու։ Ի դէպ, Սուրիոյ պատերազմը քաղաքացիական է միայն այնքանով, որ քաղաքացի՛ք՝ իսլամ թէ քրիստոնեայ, անխտիր, իրենց արիւնէն, կեանքէն եւ ստացուածքէն ահաւոր գին վճարեցին ու կը շարունակեն վճարել ոճրային գործողութիւններ տարածողներուն, նման՝ լիբանանցիներուն, իրաքցիներուն եւ եգիպտացիներուն։ Վտանգը չի տարբերեր այս կամ այն համայնքը, որոնք կրնան դրուիլ մեծամասնութեանց կամ փոքրամասնութեանց աղիւսակներուն տակ. վճարող քաղաքացի՛ն է մեծամասնութիւնը, ան կոչուի հայ, սիւննի, քրիստոնեայ, քիւրտ, շիի թէ այլ. հոն շատի-քիչի մրցակցութիւն չկայ։
«Քիմիական զէնքերու լուծարք եւ՝ վերջ», կ՛աշխատին համոզել իմաստո՜ւն ղեկավարները։ Եթէ այս է ճշմարիտ ուղին, ալ ինչո՞ւ ռմբակոծումներն ու առեւանգումները կը շարունակուին, ինչո՞ւ միլիոնաւոր քաղաքացիներ կը պահուին հացի, ջուրի ու վառելանիւթի կարօտ վիճակի մէջ, ինչո՞ւ… ինչո՞ւ… ինչո՞ւ…։
Վերջապէս, գիւտարարները պիտի դարմանե՞ն ահաւոր վնասները, եւ ինչպէ՞ս։ Բայց ինչպէ՞ս դարմանել անվերականգնելին՝ առյաւէտ խլուածները, հաշմանդամները։
Բուն Էվրեքան՝ այս հարցումներուն պատասխանին մէջ է։