
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Զաման» թերթի Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19ի թիւին մէջ, Սալիհ Գարաճա Պրիւքսէլէն կը տեղեկացնէ, թէ Հրանդ Տինքի կողակիցը՝ Ռաքել Տինք, ելոյթ մը ունեցած է Եւրոխորհրդարանի շէնքին մէջ բացուած լուսանկարչական ցուցահանդէսի մը ընթացքին։ Ցուցահանդէսը նուիրուած էր «Թուրքիա-Հայաստան սահմանագիծէն պատմուածքներ» նիւթին։
Ըստ «Զաման»ի թղթակիցին՝ Ռաքել Տինք Հրանդ Տինքի սպանութեան համար պատասխանատու նկատած է պետութիւնը՝ ըսելով, որ Հրանդ Տինք շատ քաջարի հայ մըն էր եւ բոլոր հարցերը օրակարգի կը բերէր, առանց վախնալու: «Անոնք չկրցան մարսել անոր այդ կեցուածքը ու դաւադրութիւն մը կազմակերպեցին», աւելցուցած է ան՝ նշելով, որ վեց տարիէ ի վեր արդիւնք մը կը սպասեն դատարաններէն, բայց ակնկալուած արդիւնքը չէ ստացուած, ու վեց տարի ետք կրկին առաջին կէտին վերադարձուած է հարցը:
Այդ պատճառով է, որ Տինքի ընտանիքը որոշած է չմասնակցիլ դատավարութեան նիստերուն, որոնց աւարտին, այս հարցը պիտի տարուի Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեան։
Ռաքել Տինք յիշեցուցած է, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ իր սահմանները փակած է, սակայն այնուհանդերձ կ՛ակնկալէր, որ Ողիմպիական խաղերը Պոլսոյ մէջ կատարուին։
«Սահմանները փակող երկիրի մը մէջ Ողիմպիական մրցումներ կարելի՞ է կատարել», հարցուցած է Ռաքել Տինք՝ ողջունելով Պոլսոյ դիմումը մերժելու քայլը:
Յիշեցնենք, թէ Սեպտեմբեր 17ին վերսկսած էր Տինքի սպանութեան երկրորդ դատավարութիւնը, որուն առաջին օրն իսկ, Տինքի ընտանիքը զգայացունց նամակով մը դատարանին իմաց տուած էր, թէ պիտի չմասնակցի այս դատավարութեան, որովհետեւ պիտի չուզէ իբրեւ խաղալիք գործածուիլ պետութեան կողմէ, որ կը ծաղրէ զինք։ Նամակին մէջ գրուած է, որ ընտանիքը չի փափաքիր մուտք գործել այն դատարանները, «որոնց երդիքին տակ սուտերը ջուրի նման կը խմուին, ուր բռնի ուժը հացի նման կ՛ուտուի, ուր ոտնակոխ կ՛ըլլան ապրելու իրաւունքը, մարդկային իրաւունքները, արդարութիւնն ու իրաւագիտութիւնը»։
Տինքի ընտանիքը նշած էր նաեւ, թէ վերապահութեամբ կը դիմաւորէ վճռաբեկ ատեանին որոշումը, որ շատերու կողմէ ընդունուեցաւ որպէս դրական լուր, բայց որ, իրականութեան մէջ, դարձեալ կը լռէ ոճիրը կազմակերպած բուն յանցագործներուն մասին։ Տինքի ընտանիքը «կատակերգութիւն» նկատած է այն փաստը, որ Հրանդի սպանութեան օրերուն քանի մը պաշտօնատարներ, որոնք պատասխանատու էին այս ոճիրին, տակաւին քանի մը օր առաջ նշանակուեցան պետութեան պատասխանատու բարձր պաշտօններու վրայ։
Այս նամակը «Ռատիքալ»ի յօդուածագիր Էյուպ Ճան նոյնութեամբ հրատարակած էր իր սիւնակին մէջ։
Յատկանշական է նաեւ, որ Հրանդի ընկերներուն անունով կազմակերպուած ցոյցին մասնակցած են ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան փոխկուսակցապետ Սեզկին Թանրըքուլու, նոյն կուսակցութենէն Պոլսոյ երեսփոխան Մահմուտ Անալ, քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Սեպահաթ Թունճել, անկախ երեսփոխաններ Լեւենտ Թիւզել եւ Այսել Թուղլուք, լրագրողներ Օրալ Չալըշլար, Նետիմ Շենր եւ արուեստագէտ Նուր Սիւրեր։
«Ռատիքալ»ի քրոնիկագիր Ճենկիզ Չանտար Սեպտեմբեր 18ի իր սիւնակին մէջ կը յիշեցնէ, թէ վարչապետ Էրտողան, Տինքի սպանութենէն անմիջապէս ետք ցաւակցական այցելութիւն տուած էր Տինքի ընտանիքին եւ խոստացած ամէն ինչ ընել, որպէսզի պատասխանատուները պատժուին։ Չանտար կոչ կ՛ընէ վարչապետին, որ ուշադրութեամբ կարդայ այս յօդուածը եւ թարմացնէ իր յիշողութիւնը։