
Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս նշանակուած է յայտնի գործարար, ձեռնարկատէր Սերգէյ Սարկիսով: 1959ի ծնունդ Սերգէյ Սարկիսովը, իր եղբօր պատկանող ռուսական «Ֆինանս» ամսագիրին համաձայն՝ 2010ին Ռուսիոյ ամէնէն հարուստ գործարարներու ցանկին վրայ գրաւած էր 93րդ եւ 94րդ տեղերը: Անոնց հարստութիւնը կը գնահատուի շուրջ մէկ ու կէս միլիառ տոլարով:
Սերգէյ Սարկիսով «Ռես» եւ «Ռես Կարանթի» ընկերութիւններու խումբին տնօրէններու խորհուրդի նախագահն է: Ան հեղինակ է «Անձնական Ապահովագրութիւն» գիրքին եւ «Մենեճմընթ» բառարան-տեղեկատուին: Համահեղինակ է նաեւ «Ապահովագրական Գործ»ին: Ունի աւելի քան 50 գիտական հրապարակումներ՝ ապահովագրութեան եւ կառավարման ոլորտին մէջ:
1981ին, Սարկիսով աւարտած է Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական համալսարանը: 1984-1987 յաճախած է Մոսկուայի պետական իրաւաբանական ակադեմիան եւ աւարտած է Ռուսիոյ կառավարութեան առընթեր Ֆինանսական ակադեմիան: Ան տնտեսագիտական գիտութիւններու թեկնածու է: