Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինին նախաձեռնութեամբ, Սեպտեմբեր 13ին, Միացեալ մարմինը հանդիպում մը ունեցաւ գաղութի հայկական լրատուական միջոցներու եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ. հանդիպման նպատակն էր ներկաներուն ծանօթացնել Միացեալ մարմինի նպատակներուն եւ գործունէութեան, կարծիքներու փոխանակման ընդմէջէն աւելի եւս զարգացնել փոխադարձ գործակցութիւնը, յատկապէս՝ լսել ներկայացուցիչներուն կարծիքները Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Ոգեկոչման նախապատրաստական աշխատանքներուն կապակցութեամբ:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի «Գաւառ» ճաշարանին մէջ, ուր ներկայ էին հայկական 19 լրատուական միջոցներու, երիտասարդական 3 կազմակերպութիւններու եւ Միացեալ մարմինին անդամ 55 միութիւններէն 29ին ներկայացուցիչները:
Նախաձեռնութեան պաշտօնական բացումը սկսաւ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեանի աղօթքով, որմէ ետք Միացեալ մարմինին անունով բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Կարին Քեսապլեան: Ան յայտնեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը տարելից մը կամ ոգեկոչման հանդիսութիւն մը պէտք չէ ըլլայ միայն, այլ պէտք է ըլլայ միասնական ջանքերով, քարոզչական ու իրաւական աշխատանքներու ամբողջական ծրագիրի մը մշակումով հանդիսութիւն մը՝ պահանջատիրական մեր պայքարը անկիւնադարձային նոր հանգրուանի մը հասցնելու:
Ապա յաջորդաբար խօսք առին Միացեալ մարմինի համանախագահները. նախ՝ Դաւիթ Սամուէլեան, որ իր կարգին ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք՝ կարեւոր համարեց միասնականութեան ոգին բարձր պահելն ու ահազանգի վերածելը գալիք բոլոր մարտահրաւէրներուն դէմ, ինչպէս նաեւ ներկայացուց լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներու անուանացանկը. ապա՝ համանախագահ Ժան Գոսագեան, որ ներկաներուն տեղեկութիւն փոխանցեց Միացեալ մարմինի հիմնական նպատակներուն եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող այլ ձեռնարկներու մասին: Ան ներկաներուն յայտնեց, թէ Միացեալ մարմինը Արեւմտեան Ամերիկայի (Ցեղասպանութեան) 100ամեակի յանձնախումբին կողմէ լիազօրուած է կատարելու Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման 100ամեակի նախապատրաստական աշխատանքը:
Արեւմտեան Ամերիկայի 100ամեակի յանձնախումբին կողմէ խօսք առաւ Թոմիկ Ալեքսանեան, որ իր կարգին տուաւ հակիրճ բացատրութիւն մը՝ յանձնախումբի կառուցուածքին եւ յանձնախումբի յառաջիկայ աշխատանքներուն մասին:
Օրուան հանդիսավարն էր Փիթըր Հայկ, որ իր կարգին, իր սրտի խօսքը արտասանելէ ետք, անգամ մը եւս հակիրճ ձեւով ներկայացուց օրուան նախաձեռնութեան նպատակը: Ապա հայ մամուլի ներկայացուցիչներէն յաջորդաբար խօսք առին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պողիկեան, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր տոքթ. Արշակ Գազանճեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան «Նոր Օր» շաբաթաթերթի խմբագիր Յակոբ Մարտիրոսեան: Իսկ հայկական պատկերասփիւռի կայաններուն կողմէ խօսք առին «AABC» կայանի սեփականատէր եւ արտադրիչ Վրէժ Աղաճանեան, «ARTN/Shant» կայանի հաղորդավար Պօղոս Առաքելեան, «USArmenia TV»ի ներկայացուցիչ փրոֆ. Արտէմ Սարգսեան:
Երիտասարդական կազմակերպութիւններու կողմէ խօսք առաւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Գասպար Ճիւալագեան, Միացեալ Հայ Երիտասարդներուն կողմէ՝ Վիլէն Խաչատրեան, իսկ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Երիտասարդ մտարուեստներուն կողմէ՝ Թալին Կուվրէքեան:
Վերջաւորութեան, ներկաները առիթն ունեցան հարցումներ ուղղելու եւ ապա իրենց կարգին կարծիքներ փոխանցելու:
Ստորեւ կը նշենք անունները լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներուն, որոնք սիրով ընդառաջած էին Միացեալ մարմինի հրաւէրին.
«Ասպարէզ» օրաթերթէն Աբօ Պողիկեան՝ խմբագիր, Արա Խաչատրեան՝ խմբագիր Անգլերէն բաժինի, «Մասիս» շաբաթաթերթէն տոքթ. Արշակ Գազանճեան՝ խմբագիր, Ռուբէն Քէշիշեան՝ ներկայացուցիչ, «Նոր Օր» շաբաթաթերթէն Յակոբ Մարտիրոսեան՝ խմբագիր, «The Armenian Observer»էն Օշին Քէշիշեան՝ խմբագիր, «USA Armenian Life»էն Աբօ Ճապարեան՝ սեփականատէր եւ խմբագիր, «The Armenian Bi-Weekly»էն Արթուր Աղաբէկեան՝ խմբագիր, Գագիկ Վիրաբեան՝ ներկայացուցիչ:
«AABC»էն Վրէժ Աղաճանեան՝ սեփականատէր եւ արտադրիչ, Հայկ Ահարոնեան՝ հաղորդավար (Նոր Հայեացք), «AMGA»էն Յովհաննէս Պալայեան՝ հաղորդավար (Քաջ Նազար), «ARTN/Shant»էն Պօղոս Առաքելեան՝ հաղորդավար, «USArmenia TV»էն փրոֆ. Արտէմ Սարգսեան՝ ներկայացուցիչ, Ալինա Խաչատրեան՝ հաղորդավար, Ամինէ Ամիրեան՝ լրագրող, Լիլի Աւագեան՝ հաղորդավար, «H1»էն Լիլիթ Սեդրագեան՝ լրագրող, «USArmenia/ICFN Charter Ch. 382»էն Հուրիկ Ֆուռնուզեան՝ հաղորդավար (Եկեղեցին Հայկական), «Hye Vision Charter Cable 382»էն Ճորճ Ասադրեան՝ արտադրիչ, «GlobalHye Information Services»էն Միրօ Խանզադեան՝ հիմնադիր եւ տնօրէն, իսկ «Armenian Voice (Web Radio)»էն Անթուան Պէզտճեան՝ հաղորդավար:
Հաղորդագրութիւնը՝
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի
Միացեալ Մարմինի Դիւանէն