
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ կանանց միջազգային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Նոյեմբեր 3ին, Պեվըրլի Հիլզի «Ֆոր Սիզընզ» պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենայ այս տարի «Էլիս Այլընտ» շքանշանին արժանացած Սիլվիա Չաքմաքճեանին նուիրուած տօնակատարութիւն-ճաշկերոյթ մը, կ.ա. ժամը 11:30էն սկսեալ:
Նիւ Եորքի մէջ, Մայիս 11ին տեղի ունեցած «Էլիս Այլընտ» շքանշաններու տուչութեան ընթացքին, Լոս Անճելըսէն գործարար եւ բարերար Սիլվիա Չաքմաքճեան սոյն շքանշանին արժանացաւ, համայնքին շնորհած սպասարկութեանց ու շրջանէն ներս եւ անկէ դուրս իր կատարած բարեգործական աշխատանքներուն իբրեւ հատուցում:
Սիլվիա Չաքմաքճեան ծնած է Լիբանան եւ հասակ նետած Հայաստան: 1966ին, ընտանիքով տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ՝ արագօրէն յարմարուելով նոր իրականութեան, ուր յաջողութեան հասնելու պայմանները շատ լաւ կը յարմարէին իրեն նման աշխատասէր անձի մը: Ան ուսումը շարունակելու կողքին նետուած է աշխատանքի եւ անոր առաջին աշխատավայրերէն մէկը դարձած է «Bank of America»ն, որ Սիլվիային խոստմնալից ապագայ մը կը խոստանար: Սակայն ուրիշներուն անձնուիրաբար օգնելու անոր պատրաստակամութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ ան փոխէ իր կեանքի ուղին՝ նետուելով հագուստներ պատրաստելու ստեղծագործական ասպարէզ:
Շուտով ան աշխատանքի առաջարկներ կը ստանայ թատերական մեծ ընկերութիւններէն մէկէն՝ «Center Theatre Group»էն, իբրեւ տարազներու արտադրութեան ղեկավար: Իր իրագործումներով ոգեւորուած՝ Սիլվիա Չաքմաքճեանը 33 տարեկանին կ՛որոշէ սեփական գործի նախաձեռնել ու «Սիլվիա՛զ Քասթիւմզ»ը իր յաղթարշաւը կը սկսի Հոլիվուտի աստղերու աշխարհէն ներս, ուր սուր մրցակցութիւն կը տիրէ:
Անոր յաճախորդներէն են՝ Ճենըթ Ճեքսըն, Շեր, Քուին Լաթիֆա, Ճենիֆըր Լոփեզ եւ Քեթի Փերի: Աստիճանաբար, անոր ընկերութեան յաճախորդներու ցանկը կ՛ընդլայնի՝ ներգրաւելով թատրոնի, շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի աշխարհները, ինչպէս նաեւ Լաս Վեկասի շքեղ ու հանրայայտ ներկայացումները (Jubilee, O), նաւային ճամբորդութիւններու ներկայացումները (Princess Cruises, Holland American Cruises, Royal Caribbean Cruises), նորաձեւութեան յայտնի ընկերութիւնները (Polo Ralph Lauren, Nike) եւ հեղինակաւոր մրցանակաբաշխութիւններ (MTV Awards):
Շրջանի հայ համայնքին ցուցաբերած բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան կողքին, ան իր նպաստը բերած է նաեւ հայրենիքի զարգացման գործին: 1990ականներուն, Հայաստանի մէջ ան հաստատած է կարուձեւի սրահ ու հագուստեղէնի խանութ՝ աշխատանքի հարիւրաւոր տեղեր ստեղծելով: Տնտեսական դաշտի անկայունութեան պատճառով, սակայն, անոր հայաստանեան գործունէութիւնը չի շարունակուիր. սակայն Սիլվիա գտած է հայրենակիցներուն օգտակար ըլլալու այլ միջոց մը: Արդարեւ, 2009ին ան հիմնած է «Գառնի» բարեգործական կազմակերպութիւնը, որ մեծ քանակութեամբ հագուստեղէն կ՛առաքէ հայ կարիքաւոր ընտանիքներու, Ամերիկայի հայ աւետարանչական միութեան եւ «Առաքելութիւն Հայաստան» կազմակերպութեանց միջոցով:
Նոյեմբեր 3ի ձեռնարկին համար կը պատրաստուի գրքոյկ մը, որուն մէջ կարելի է էջեր հովանաւորել, իսկ ճաշկերոյթի մասնակցութեան սակը 100 տոլար է: Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (310) 472-2454, (818) 342-4600 եւ (310) 476-5306 թիւերուն, կամ hyelil@aol.com, herminejanoyan@hotmail.com եւ agbabian@usc.edu հասցէներուն: