Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Դիլիջան» սենեկային երաժշտութեան համերգաշարին 9րդ եղանակը բացուեցաւ Կիրակի, 22 Սեպտեմբերին. այդ օրը, շշմեցուցիչ բառը գտաւ նոր սահմանում մը, որ բացարձակապէս դրական խորք ունի եւ զայն կարելի է գործածել վիճակի մը համար, որ կը բացատրէ համերգի աւարտէն ե՛տք ալ կլանուած ու հոգեպէս անշարժացած մնալ երաժշտական մատուցման առթած երանութեան մթնոլորտին մէջ, ապա, հազուադէպ հրապոյրի մը յիշատակը հետդ տանիլը՝ զայն ընդմիշտ էութեանդ մէջ պահելու համար…
«Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան մէկ նախաձեռնութիւնը եղող «Դիլիջան»ը յաջողած էր «Զիփըր» սրահ ներգրաւել երաժշտասէրներու կոկիկ բազմութիւն մը, որ եկած էր հայկական ու միջազգային երաժշտական յօրինումներու գեղեցիկ մատուցման վայելքը վերանորոգելու, իբրեւ ուղղակի շարունակութիւն՝ նախընթաց ութ եղանակներու յայտագիրներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իրաւամբ կը գերազանցէ միւսները, անվիճելիօրէն յաղթանակելով սենեկային երաժշտութեան որեւէ մրցակցութեան։ Հանդիսականները լիովին բաւարարուած դուրս եկան սրահէն, ո՛չ միայն ընտրուած կտորներուն հոգեզմայլ մատուցումներով, այլ նաեւ բեմին վրայ փայլող աստեղերուն լոյսերով իրենց հոգիները ջերմացուցած ըլլալու գոհունակութեամբ։
Այս տողերուն նպատակը յայտագիրին գեղարուեստական քննարկումը կատարել չէ, այլ ընթերցողը հաղորդակից դարձնել մթնոլորտի մը, որ կը բուրէ երաժշտական բարձր որակ եւ հայկական ու համաշխարհային երաժշտական բարձունքներու վերեւ սաւառնում։ Իսկ բառերն ու նախադասութիւնները միշտ ալ անբաւարար կը մնան լիովին վերականգնելու այն մթնոլորտը, որ կը ստեղծուի երաժշտական որեւէ յայտագիրի ընթացքին, բեմէն դէպի սրահ հոսող ու անկէ անդին ծաւալող երաժշտական արուակներու եւ գետերու շնորհիւ. զանոնք ըմբոշխնելու միակ ձեւը՝ համերգին ներկայ ըլլալն է։
Պէտք է անմիջապէս արձանագրել, որ օրուան յայտագիրին գլխաւոր աստղը՝ դաշնակի վարպետ Սվեդլանա Նաւասարդեանն էր, որուն կողքին էին «Դիլիջան»ի ծանօթ աստղերն ու այլ երաժիշտներ։ Յայտագիրին մասնակիցները կը կոչուին Մովսէս Պօղոսեան՝ «Դիլիջան»ի գեղարուեստական ղեկավարը (ջութակ), Վարդի Մանուէլեան (ջութակ), Քարլա Մարիա Ռոտրիկէզ, Կիոմ Սութր (վիոլա) եւ Ռոնալտ Լէոնարտ (թաւ ջութակ-չելլօ)։
Յայտագիրը ճամբայ ելաւ Պախի մէկ սոնաթայով (ջութակի եւ դաշնակի համար), զոր կատարեցին Մովսէս Պօղոսեան եւ Սվեդլանա Նաւասարդեան։ Ապա, բեմը ինկաւ Նաւասարդեանի «մենատիրութեան» տակ. համբաւաւոր երաժիշտը, Գագիկ Հովունցէն, Տիգրան Մանսուրեանէն, Կոմիտասէն եւ Արամ Խաչատուրեանէն յօրինումներ մեկնաբանելով, հանդիսականներուն գործնապէս ցոյց տուաւ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ դաշնակի տաղանդաւոր վարպետ հասկացութիւնը, թէ՝ ան ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս յաջողած է նուաճել երաժշտական աշխարհի համբաւաւոր բեմերը՝ Հայաստանէն մինչեւ աշխարհի այլ ծագերը, արժանացած է բարձր գնահատանքի ու պատիւներու, եւ ահա «Զիփըր» սրահի բեմը այլապէս նեղ կու գայ իր մեկնաբանութեանց ազնուագոյն պոռթկումներուն։ Ու երբ միջնարարին հանդիսականները պահ մը դուրս եկան սրահէն, անոնց հոգիները տակաւին գերեվարուած կը մնային վարպետին մատուցման ոլորտին մէջ, հաճելի գերեվարութիւն մը՝ որուն մէջ մարդ կը ցանկայ մնալ երկար, դրականօրէն շշմած՝ կատարման ուժգնութեան եւ անմոռանալի ազդեցութեան տակ։
Յայտագիրին վերջին բաժինը՝ հնգեակի համար Պրամզի լարային մէկ յօրինումն էր, որ մօտաւորապէս կէս ժամ իր տեւողութեամբ, խաղաղ ու աշխոյժ ոլորտներու մէջ պտոյտի հանեց հանդիսականները, առաջնորդութեամբ ջութակի յիշեալ վարպետներուն։
Եզրակացութի՞ւն. Պախով սկսած որեւէ համերգ, կախարդող երաժիշտներու կատարումով, միայն յարաճուն վերացում կը խոստանայ ունկնդիրին։ Իսկ Կիրակի, 22 Սեպտեմբերի յայտագիրով բացուող՝ «Դիլիջան»ի 9րդ եղանակը նման յարաճուն ընթացք կը խոստանայ երաժշտասէրին, մանաւանդ, որ այս եղանակը նուիրուած է մեր ներկայ ժամանակներու մեծագոյն երաժիշտներէն՝ Տիգրան Մանսուրեանի, անոր ծննդեան 75րդ տարեդարձին առիթով։ «Լարք»ի ու «Դիլիջան»ի համար այլապէս իւրայատուկ աւանդութիւն մը, ուր հայ մեծ արուեստագէտներ հանդէս կը բերուին հայ թէ ոչ հայ արուեստասէրներուն համար, ուր «Դիլիջան»ի կողմէ պատուէր տրուած երաժշտական գործեր կ՛ունենան իրենց առաջին ունկնդրութիւնը։
…Ու «Դիլիջան»ի հրթիռը այս տարի եւս պիտի շարունակէ նուաճել նոր անջրպետներ, շնորհիւ Վաչէ Պարսումեան եւ Մովսէս Պօղոսեան անուն տաղանդաւոր արուստագէտներուն եւ անոնց արդիւնաւէտ գործակցութեան, շնորհիւ «Լարք»ին ու «Դիլիջան»ին կողքին կանգնող երաժշտասէրներուն։