ԿԱՐԻՆ ՔԵՍԱՊԼԵԱՆ*
Քալիֆորնիոյ Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան ջանքերով ու ժրաջան աշխատանքով տեղի ունեցաւ աւանդական տօնակատարութիւնը Մուսա լերան հերոսամարտի 98ամեակին: Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2013ին «Արեւ» ճամբարի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագի եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ նուիրուած Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներու յիշատակին. անոր ներկայ էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Օրուան պատարագը ներկայացուց Տաճատ աբղ. Աշգեան, որուն քարոզի նիւթը հանդիսացաւ 18 նահատակներու վեհանձնութիւնն ու ազգապաշտպանութիւնը: Ան ըսաւ. «Յարգելի ազգայնաոգի մուսալեռցիներ, այսօր այս Ս. տաճարին մէջ մէկտեղուած ենք ազգային արժանապատուութեան զգացումով նշելու հերոսամարտի տարելիցը եւ յարգելու ու խոնարհելու քաջի մահով զոհուած հերոսներու յիշատակին առաջ: Մուսալեռցիք ունեցած են հաստատուն կամք. անոնք 40 օր կրցած են քաջաբար պայքարիլ թշնամիին ծրագրած որոգայթներուն դէմ. անոնք անվեհեր կամքով պայքարած են պաշտպանելու համար աւանդութիւնները ու մշակոյթ: Մուսա լերան հերոսամարտը մեր պատմութեան պանծալի էջերէն է», ապա ակնարկելով նորահաս սերունդին՝ ըսաւ. «Չգայթակղի՛ք օտարներէ, այլ եղէք օրինակելի հետեւորդները մեր վեհանձն պապերուն՝ ձգտելով ա-նոնց նպատակին. թող օրհնեալ ըլլայ անոնց սուրբ աճիւնը»:
Ս. պատարագի աւարտին, հոգեւոր հայրերու եւ հաւատացեալներու բազմութիւնը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր կատարուեցաւ մատաղօրհնէքը:
Խօսք առնելով՝ Նարեկ քհնյ. Շրգեան ներբողեց արժանիքները ու փառքը փառաբանեց մուսատաղցիներու քաջարի սերունդին, ապա յուզիչ ու պանծալի խօսքերով օրհնեց 18 զոհերուն հերոսական մահը: Քահանայ Շրգեան իր պատգամը փոխանցեց՝ ըսելով. «Նոր սերունդի երախտապարտ երիտասարդներ, հետեւեցէ՛ք հերոսներու ուղիին ու կատարած առաքինութիւններուն, որոնց շնորհիւ է, որ այսօր կը գոյատեւէ մեր եկեղեցին ու մշակոյթը. մեր հերոսները 40 օրուան պաշարումէն հերոսաբար դուրս եկան, իսկ հերիսան ունի պատմական անցեալ»: Ապա օրհնուեցաւ հերիսան. Նարեկ քհնյ. Շրգեանի առաջարկով ու հաւատացեալներու ձայնակցութեամբ երգուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգը:
Հայրենասէր ոգիով ու շունչով տոգորուած՝ մուսալեռցիք ուղղուեցան եկեղեցւոյ սրահը, ուր աշխատասէր հայորդիներ մատուցեցին մեր աւանդական մատաղը՝ հերիսան: Նաեւ հնչեցին ազգագրական երգեր, մուսալեռցիք կշռութաւոր ձեւով պարեցին աւանդական պարը, ու տհոլ-զուռնային շուրջը համախմբուեցան աւանդապաշտ հայորդիներ՝ ճոխացնելով մթնոլորտը եւ պահպանելով պապենական աւանդութիւնը:
Երախտապարտ ենք: Վարձքը կատար Քալիֆորնիոյ ջանասէր Մուսայ Լերան հայրենակցական միութեան վարչական անդամներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին սոյն նախաձեռնութեան եւ որոնց ջանքերով անգամ մը եւս հաղորդուեցանք մեր ժողովուրդի անցեալին իրագործած սխրանքներով, առնչուեցանք մեր աւանդական օրհնուած հերիսային, անգամ մը եւս ամրապնդուեցանք մեր մշակոյթով ու քաջարի մարտիկներու անձնուիրութեան գիտակցութեամբ:
*Մուսայ Լերան Հայրենակցական Միութեան Անդամ
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
ՀՐԱՉ ԵՒ ԾԱՂԻԿ ԳԱՏԵԱՆՆԵՐ