
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու՝ 100 տոկոս համամասնական ընտրութիւններուն եւ խորհրդարանական կառավարման համակարգին անցնելու վերաբերեալ քննարկումներ կը կատարուին թէ՛ լրատուական դաշտին մէջ, թէ՛ քաղաքական որոշ օղակներուն կողմէ։ Նման քննարկումներ կան նաեւ Արցախի մէջ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան այդ քննարկումները տրամաբանական կը նկատէ, քանի որ հայաստանեան եւ արցախեան քաղաքական դաշտերը բազմաթիւ առումներով իրարմէ չեն տարբերիր:
«Ինչ վերաբերում է 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգին, ապա դեռեւս տարիներ առաջ ՀՅԴ դիրքորոշումը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքում միանշանակ 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգին անցնելն է, եւ յառաջիկայում, եթէ լինեն նման բաց քննարկումներ ՀՅԴն միանշանակ կողմ կը լինի եւ պիտի փորձի այլ քաղաքական ուժերին համոզել, որ ժողովրդավարական պետութեան ստեղծման գործընթացում լաւագոյն տարբերակը խորհրդարանական ընտրութիւնների 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգին անցնելն է: Մեծամասնական ընտրակարգի օգտագործումը տալիս է այս կամ այն քաղաքական ուժին մանէօվրելու (հնարքներ բանեց-նելու, Խմբ.), ժողովրդին՝ ընտրազանգուածին, մոլորութեան մէջ գցելու հնարաւորութիւն», «Ապառաժ»ին յայտնած է Իշխանեան:
Իշխանեան համոզուած է, որ բաւարար աշխատանք ի գործ դնելու պարագային կարելի է իրականացնել այդ մէկը. ան նաեւ կարեւոր նկատած է իշխանութիւններուն մօտեցումը այս հարցին:
«Կարծես թէ իշխանութիւնների մօտ կայ նման տրամադրուածութիւն, քանի որ այն լաւագոյն տարբերակն է ներքին համերաշխութիւն ստեղծելու, քաղաքական ճնշումներից զերծ մնալու եւ ճիշդ ու ժողովրդական ընտրութիւններ անցկացնելու համար: Կան նախանշաններ այդ առումով, եւ յոյսեր կան, որ ապագայում կը լինեն ազատ եւ բաց քննարկումներ 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգին անցնելու վերաբերեալ», դիտել տուած է Իշխանեան:
Ըստ Դաւիթ Իշխանեանի, տակաւին կանուխ է խորհրդարանական կառավարման համակարգին անցնելու վերաբերող եզրայանգումներ կատարելու. ըստ անոր, պարզապէս պէտք է հարցին մօտենալ բազմակողմանիօրէն, պատշաճօրէն քննարկել զայն եւ եզրակացութեան հասնիլ։
«Իսկ ո՞վ է ասել, որ նախագահական կառավարման համակարգը անընդունելի է: Խնդիրը օրէնքների գերակայութեան, եւ օրէնքների կիրառման մէջ է: Դժբախտաբար մենք յաճախ ենք շրջանցում օրէնքները եւ հետեւանքներ փնտռում այս կամ այն կառավարման մոդելի մէջ», դիտել տուած է Իշխանեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նման համակարգին անցնիլը արդեօք յղի չէ՞ վտանգներով, մասնաւորապէս ներկայ իշխանութեան վերարտադրուելու վտանգով, Իշխանեան յայտնած է, որ այդ պարագային քաղաքական կամքի եւ զայն ցուցաբերելու խնդիր պիտի ըլլայ։