ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Չենք կարդար այլեւս: Գրական գործեր կարդացողներուն թիւը ցաւագնօրէն քիչ է: Գիրքերու տպաքանակը քանի մը հարիւրներու սահմանէն անդին չ՛անցնիր նոյնիսկ Հայաստանի մէջ: Մխիթարուելու համար, կրնանք մենք մեզ համոզել, որ գիրքերու եւ գեղարուեստական գրականութեան հանդէպ անտարբերութիւնը միջազգային ատխանիշ մը դարձած է, եւ որ ընդհանրապէս մարդիկ աւելի արագ, համառօտ տեղեկութիւններու աչք նետելով՝ կը բաւականանան, արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներով տեղեկութիւններու անդադրում տարափի տակ կ՛ըլլան ու իրենց միտքը կը թմրեցնեն անիմաստ, անկարեւոր լուրերու պատառիկներով:
Մենք կը պատկանինք այս ողբերգական կացութեան դէմ պայքարողներու խումբին եւ մեր համեստ ճիգը կը միացնենք հայ գիրն ու գրականութիւնը տարածելու, անոնց հանդէպ հետաքրքրութիւն յառաջացնելու աշխատանքին:
Այդ աշխատանքներու շարքին, օրինակ, հետաքրքրական է «Արմէնփրէս»ի հետեւողական շաբաթական հրապարակումները՝ հայերէն «պեսթսելըր»ներու մասին: Լրատու գործակալութիւնը ամէն շաբաթ կը հրապարակէ նախորդ եօթը օրերուն Հայաստանի գրատուներուն կողմէ ամէնէն շատ վաճառուած գիրքին անունը՝ շաբթուան «պեսթսելըր»ը: Նոր կամ հին հրատարակութեանց վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու ձեւ մըն է եւ գնահատելի փորձ մը:
Այդ աշխատանքներու շարքին են նաեւ հայերէն հին հրատարակութիւններ, գեղարուեստական գործեր թուայնացնելը ու զանոնք տրամադրելի դարձնելը բոլոր փափաքողներուն, երիտասարդ թէ տարեց, համակարգիչներու առջեւ գամուածներուս կամ ընթերցանութիւնը դիւրացնող ելեկտրոնային սարքեր ունեցողներուն:
«Ասպարէզ»ն ալ իր առաքելութեան մէկ մասը կը նկատէ հայ գիրի ու գրականութեան առաւելագոյն տարածման նպաստելը: Մեզի հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կը պատճառէ, մանաւանդ երբ հայ գրականութեան արժէքաւոր նմոյշները հազարաւոր ընթերցողներու կը հասցնենք եւ զանոնք կը հրաւիրենք ընթերցելու կամ վերընթերցելու գրական փայլուն ստեղծագործութիւններ:
Մուշեղ Իշխանի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ Թէքէեանի ու Համազգայինի (ճեմարանականներու) կազմակերպած հանդիսութիւնը մեզ մղեց յատուկ ներդիր մը պատրաստելու՝ անոր ստեղծագործութեանց մասին վկայութիւններով ու բանաստեղծութիւններու ամբողջ հոյլի մը ներկայացումով:
«Ասպարէզ» շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք օգնեցին մեզի այս ներդիրը պատրաստելու, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք ի յարգանս Մուշեղ Իշխանի՝ ստանձնեցին հովանաւորութիւնը այս թիւին՝ կարելի դարձնելով անոր առաւելագոյն տարածումը: