ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Տարեցներու միջազգային օրուան առթիւ հրապարակուած է տարեցներու համար ամէնէն յարմար երկիրներու վարկանշային աղիւսակը, որուն մէջ կան 91 երկիրներ: Այս մասին կը փոխանցէ «Կլոպըլ էյճ ուա»չի պաշտօնական կայքէջը:
Անոր համաձայն, հաճելի է ծերութիւնը դիմաւորել Շուէտի մէջ, ապա Նորվեկիոյ, իսկ երրորդ երկիր՝ Գերմանիոյ։
Նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներէն Էսթոնիան կը գրաւէ ցանկին 29րդ դիրքը։ Վրաստանը 37րդ է, Լաթուիան՝ 45րդ, Լիթուանիան՝ 50րդ: Այնուհետեւ կու գան Հայաստանը, Տաճիկստանը, Պելոռուսը, Ղըրղզստանը, Ուքրանիան, Մոլտովան, իսկ Ռուսիան կը գրաւէ 78րդ դիրքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.