ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան երկիրները կ՛ամրապնդեն ռազմատնտեսական համագործակցութիւնը: Հոկտեմբեր 1-3 Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ ռազմատնտեսական համագործակցութեան միջպետական յանձնաժողովի 11րդ նիստի մասնակից Հայաստանի, Ռուսիոյ, Պելոռուսի, Ղազախստանի, Ղր-ղզստանի եւ Տաճիկիստանի ՀԱՊԿ ռազմատնտեսական համագործակցութեան միջպետական յանձնաժողովի ազգային մասերու ղեկավարները Երեւանի մէջ ստորագրեցին հետագայ համագործակցութեան վերաբերող արձանագրութիւն:
Նիստին ընթացքին ամփոփուեցան նախորդ նիստի արձանագրութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու գործադրութեան արդիւնքները: Քննարկուած են ՀԱՊԿ ռազմատնտեսական համագործակցութեան ծիրին մէջ մշակուած քանի մը ծրագիրներու, մասնաւորաբար, ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու մինչեւ 2015 թուականի ռազմատնտեսական համագործակցութեան ծրագիրի, նաեւ համաձայնագիրներու եւ այլ փաստաթուղթերու նախագիծերը:
Նիստի աւարտին ՀԱՊԿ ռազմատնտեսական համագործակցութեան միջպետական յանձնաժողովի ազգային մասերու ղեկավարները ստորագրեցին համապատասխան արձանագրութիւն, որով ամրագրուեցան նիստին ընթացքին ընդունուած որոշումները:
Նիստին ընթացքին քննարկուած են 14 հարցեր, որոշուած է յաջորդ նիստը կայացնել Պելոռուսի մէջ: Ընտրուած է ՀԱՊԿ ռազմատնտեսական յանձնաժողովի նոր նախագահը՝ Գէորգի Կալամանովը, որ ՀԱՊԿ ռազմատնտեսական համագործակցութեան միջպետական յանձնաժողովի Ռուսիոյ ներկայացուցիչն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.