– Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուցած է, թէ յառաջիկայ շաբաթ պիտի հակադարձէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարած բարեփոխումներու թղթածրարին՝ միաժամանակ պնդելով, թէ այդ ծրարին նպատակը «ընտրական շահեր ապահովելն է»: Հոն նաեւ նշուած է, որ «ծրարը հարցերը չլուծելու քաղաքականութիւն կը հետապնդէ»:
– Քուէյթեան «Ռայ» թերթը կը հաղորդէ, որ գերմանական միջնորդական ջանքեր կը տարուին՝ Սուրիոյ Ազազ շրջանին մէջ պահուող առեւանգուած լիբանանցիները Լիբանանի մէջ առեւանգուած երկու թուրք օդաչուներուն հետ փոխանակելու:
– 2010ին, ինքնաշարժի արկածներու զոհ գացած են 33,687 ամերիկացիներ, մինչ նոյն տարի անձնասպան եղածներուն թիւը 38,364 էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.