
Մուշեղ Իշխան աւելի քան կէս դար անխոնջ սպասարկուն եղաւ հայ բանին ու դպրութեան։ Իբրեւ գրող, մանկավարժ եւ մշակութային գործիչ ան իր գործունէութեամբ լեցուց ազգային մեր կեանքը Լիբանանի մէջ եւ այս գաղութէն անդին ճառագայթեց մինչեւ Հայաստան եւ հեռագոյն անկիւնը հայ սփիւռքի։
Մանկավարժութիւնը, Մուշեղ Իշխանի համար, պատահականօրէն ընտրուած զբաղում չէր, այլ հարազատ ասպարէզ եւ սրտամօտ գործունէութիւն, որուն նուիրեց ան իր կեանքի 55 տարիները։ Ատեն մը ֆրանսերէն դասաւանդելէ ետք Ճեմարանի մէջ, ան վերադարձաւ իր բուն տարերքին եւ աւանդեց հայերէն ու հայ գրականութիւն, անհրաժեշտ պարագային՝ նաեւ գրաբար, հոգեբանութիւն եւ մանկավարժութիւն։
Մ. Իշխան մեծ ընկերոջ մը մտերմութեամբ կը վերաբերէր աշակերտներուն հետ եւ իր պահերը կը վերածէր աւելի զրոյցի առիթի, քան պաշտօնական դասաւանդութեան։ Կատակը, սրամիտ ակնարկութիւնը բնական բաղադրիչներն էին իր դասերուն։
Լեւոն Շանթի մահէն եւ Սիմոն Վրացեանի տնօրէն նշանակումէն ետք Մուշեղ Իշխան փոխտնօրէն կարգուեցաւ Ճեմարանին։ Շատ բան չփոխուեցաւ յարաբերական իր կեանքին մէջ, միշտ նոյն մեղմ ու սիրալիր մարդն էր, որ պարզօրէն կը վերաբերէր բոլորին հետ, պաշտօնականութիւն չէր խաղար, հեղինակութիւն չէր բանեցներ։ Առանձին գրասենեակ իսկ չունէր ու կ՛երթեւեկէր ուսուցչարանէ ուսուցչարան եւ դասարանէ դասարան։ Որովհետեւ պահած էր իր դասերը եւ փաստօրէն երկու հոգիի գործ կը կատարէր կամաւոր նուիրումով։
Համեստ էր ան ու հաղորդական, մեծին հետ՝ մեծ, պզտիկին հետ՝ պզտիկ, բոլորին հետ բնական յարաբերութիւն հաստատելու յատկութեամբ օժտուած։ Մտաւորականին հետ մտաւորական հարցեր կը յուզէր, ձեռնային աշխատաւորին հետ առօրեայ խնդիրներ կը քննէր, բոլորին հետ կապ կը հաստատէր հոգիէ հոգի։
Ան մեղմ էր նաեւ ու բարի, ոչ՝ անզօր մարդու անչարութեամբ, այլ հոգիի բնական ազնուութեամբ։ Կարելի է անվարան հաստատել, որ 76ամեայ իր գոյութեան ընթացքին ան գիտակցօրէն վնասեց ոչ ոքի եւ իր կարողութեան չափով բարիք գործեց ու բարութիւն սփռեց իր շուրջ։
Մուշեղ Իշխանը կատակասէր էր նաեւ ու սրամիտ։ Յորդ ծիծաղը չէր իրը, այլ մտերիմ զուարթախոհութիւն մը, որ ամէն ինչի հաճելի եւ ծիծաղելի կողմը կը նկատէր եւ փիլիսոփայ ժպիտով կ՛ընկալէր կեանքը։ Ու չէր գանգատեր, չէր տրտնջար։ Բարոյական կորովով, տեսակ մը ժպտուն քաջութեամբ կ՛ընդունէր առողջական իր դժուարութիւնները, որոնք երկար տարիներէ ի վեր կը բարդացնէին իր կեանքը։ Քանի՜ անգամ հիւանդանոց մտաւ ճգնաժամային պայմաններու մէջ, քանի՜ անգամ դէմ յանդիման եկաւ մահուան հետ ու չպարտուեցաւ անկէ։ Ու կը խօսէր անոր մասին, բնականօրէն, կատակով նոյնիսկ, բայց առանց հեգնանքի կամ պոռոտախօսութեան։