
Հայրենի մամուլին առաքելու նպատակով «Ազդակ»ի աշխատակիցներէն Մ. Մարտիրեան, 1988 Նոյեմբերին հարցազրոյց մը ունեցած էր բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի հետ։ Սակայն, կամքէ անկախ պատճառներով, կարելի չէր եղած հարցազրոյցը հասցնել հասցէին։
Նկատի ունենալով հարցազրոյցին մէջ տեղ գտած գաղափարներուն մեծ մասին անժամանցելիութիւնը, Մ. Իշխանի մահուան քառասունքին առիթով՝ 28 Յուլիս 1990ին, «Ազդակ»ի էջերուն մէջ տեղ գտած է այս հարցազրոյցը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.
ՀԱՐՑՈՒՄ.– Իբրեւ բանաստեղծ, դուք ձեր պրիսմակէն կ՛անցընէք կեանքի տարբեր երեւոյթները, հարցերը… Կրնա՞ք խօսիլ բանաստեղծական արուեստին մասին։
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.– Բաւական ընդարձակ պատասխան պահանջող հարցում մըն է ասիկա, բանաստեղծական արուեստը, եւ որուն մասին շատեր շատ բան ըսած են, իրենց հայեցողութեամբ, իրենց խառնուածքին բերումով… Գիտէք արդէն, թէ հին դարերէն մինչեւ այսօր բանաստեղծութիւնը գոյութիւն ունի։ Մնացած են ա՛յն կտորները, որոնք հոգիի անկեղծ, մարդկային զգացումներ կրցած են արտայայտել։ Թէ ի՞նչ արուեստով, ամէն անձ տարբեր գնահատում կրնայ տալ։
Ներկայիս ալ փորձեր կան, նորարարութեան անուան տակ ծնող, որոնք կը ձգտին հիմնապէս յեղաշրջելու դասական արուեստին տուեալները։ Այս բոլորը սակայն չեն կրնար բանաստեղծական իսկութենէն բան մը փոխել… Բանաստեղծութեան իսկութիւն ըսելով, ըսել կ՛ուզեմ զգացումներու, ապրումներու անկեղծ արտայայտութիւն, բնականաբար՝ արուեստի ճամբով։ Այսինքն՝ այնպիսի բիւրեղացումով մը, որ մարդկային անձնական այդ ապրումը դառնայ նաեւ ուրիշինը, խօսի ուրիշներուն սիրտին, հասնի մինչեւ իսկ անոնց շրթունքին՝ անգիր դառնալու մտերմութեամբ։
Ես չեմ հաւատար այն արուեստներուն, որոնք ո՛չ միայն դժուար հասկնալիութեամբ կը պարծենան, այլեւ նոյնիսկ անհասկնալի դառնալու աստիճան բարդութիւններով խճողուած են։
Իմ բանաստեղծութիւնս սկիզբէն մինչեւ հիմա յատկանշուած է, կը խորհիմ, պարզութեամբ ու իր անկեղծութեամբ։ Գրականագէտներն ալ այդպէս ըսած են։ Արուեստը ինծի համար կը մնայ մարդկային իրաւ ապրումները անկեղծ ու մտերմական շեշտով, նուազագոյն զարդարանքով արտայայտուելու միջոց։
ՀԱՐՑ.– Հետաքրքրական է, որ բանաստեղծութեան արմատները ժողովուրդին մէջ են։ Օրինակ՝ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութիւնը, մեր աշուղները, որոնք ժողովուրդին ծոցէն կու գան, յանգով ու ոտքով կ՛արտայայտուին։ Ուրեմն, պարզութիւնը նաեւ ժողովուրդին կողմէ ընկալելի է, սիրելի է։
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.– Հակառակը պնդողները կը պատճառաբանեն իրենց տեսակէտը՝ ըսելով, որ արուեստը ժողովուրդէն վեր պէտք է բարձրանայ, ո՛չ թէ արուեստը ժողովուրդին պէտք է հասնի, այլ՝ ժողովո՛ւրդը՝ արուեստին։ Իրենց բարդութիւնն ու չափազանց յղկուածութիւնը կ՛ուզեն արդարացնել իբրեւ ազնուական, ընտրեալ դասակարգի մը միտքին ու սիրտին հարազատ ստեղծագործութիւն։ Եթէ այդ կալուածին մէջ գրողը տաղանդ ունի, ան ալ ի վերջոյ իր բարդութեամբ, իր նուաճած բարձրագոյն գագաթով, իր արուեստը կրնայ կենդանի եւ ապրող երեւոյթի մը վերածել։ Այդպիսիներ կան։
Պարզութիւնը անպայման ժողովրդականութիւն, աշուղականութիւն չի նշանակեր։ Օրինակ՝ ես աշուղական ոճը շատ չեմ սիրեր։ Չեմ ուզեր աշուղ ըլլալ, այլ՝ կ՛ուզեմ, որ բանաստեղծութիւնս արուեստ ըլլայ, բայց ոչ պերճագեղ, շռայլանքով յագեցած կամ բառերու մթութեան տակ թաքնուած արուեստ մը։ Արուեստ, այսինքն՝ գեղեցկութիւն, բիւրեղացում ունենայ, ամէնէն անհրաժեշտ բառերու ներդաշնակութեամբ ստեղծուած ըլլայ, որուն մէջ կենդանի շունչը, տաք հոգին եւ զգացումները թրթռան։ Ա՛յս է արուեստի իմ ըմբռնումը։
Պէտք է, որ մէջս ապրում մը, յուզում մը, ներշնչում մը հասուննայ, որպէսզի ատիկա բանաստեղծութեան վերածուի։
ՀԱՐՑ.– Դուք արդէն 70 տարեկան էք…
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.– Քիչ մը աւելի…
ՀԱՐՑ.– Արդէն հարցը տարիքը չէ՛, չէ՞…
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.– Ներեցէ՛ք, տարիքով չես չափեր իմ ըսելիքս, որովհետեւ ես (ուրիշներ ալ ձայնակցած են) ինքզինքս միշտ երիտասարդ կը զգամ։ Հոգիո՛վ երիտասարդ։ Թէեւ մարմինս սկսեր է դաւաճանել հոգիիս, բայց հոգիս տակաւին բանաստեղծ կը մնայ։ Ըսել կ՛ուզեմ, որ հոգիս կը պահէ իր ջերմ ու երիտասարդ թրթռացումը գեղեցկութիւններու հանդէպ, բնութեան հանդէպ, հանդէպ՝ պատմութեան մէջ ծաղկող հերոսութիւններու, հանդէպ՝ կանացի գեղեցկութեան եւ այլն։ Այնպէս որ, 70 եմ թէ 70է վեր՝ կարեւո՛ր չէ։
ՀԱՐՑ.– Տարիներէ ի վեր կը գրէք։ Ի՞նչ փորձառութիւն ձեռք ձգած էք եւ այդ փորձառութիւնը ի՞նչ խորհրդածութիւններ կը յառաջացնէ ձեր մէջ։
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.– Գրելը ինծի համար եղած է հիմնական պահանջ։ Երբ ստեղծագործած եմ, քրտինքի դառնահամ ապրումը չեմ զգացած։ Հաճո՛յք եղած է գրելը ինծի համար։ Ինքնամոռացութեամբ տարուած ձեւով ալ չեմ գրած, ո՛չ ալ ճիգով կամ յարատեւ աշխատանքի կարգապահութեամբ։
ՀԱՐՑ.– Փաստօրէն՝ ձեզի համար գրելը իրավիճակ է։
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.– Շատ լաւ ըսիր։ Երեւի թէ ա՛յդ եղած է ապրումը։ Եւ այդ իրավիճակի ինքնաբուխ արտայայտութիւնն է գրելը։ Ընդհանրապէս արագ գրած եմ եւ քիչ սրբագրող եղած եմ։
ՀԱՐՑ.– Առաջին ժա՞յթքը…
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.– Այո՛, առաջին ժայթքը։ Չեմ եղած երբեք այն բանաստեղծներէն, որոնք երբեմն ոտանաւոր մը իրենց գրպանը քանի մը տարի կը պտըտցնեն, տող մը կամ բառ մը սրբագրելու համար։ Առաջին բխումը եղած է հիմնականը։ Պզտիկ վերանայումները անշուշտ հաշուի չեն առնուիր։ Ո՛վ որ զիս կարդացած է, պիտի հաստատէ, որ ո՛չ բառերը չարչարած եմ, ո՛չ ալ բառերը՝ զիս։
Բառերը բնական հոսք մը ունեցած են իմ ստեղծագործութեանս ընթացքին, պայծառութեամբ, յստակութեամբ ու պարզութեամբ։ Այս երրորդութիւնը արուեստի հիմնական սկզբունքս կը ներկայացնէ։
ՀԱՐՑ.– Ի՞նչ կը մտածէք հայրենիքի նկատմամբ։
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.– Հայրենիքի նկատմամբ…
Գիտէք, գրական–քաղաքական մարդիկ յաճախ շատ կը գործածեն հայրենասէր բառը։ Հայաստանի մէջ ալ հիմա շատ կը գործածեն՝ «նա հայրենասէր է»։
Այս բառը շատ կը խրտչեցնէ զիս։ Կը նմանի ըսելու, որ նա մայրասէր է։ Բայց ո՞վ մայրասէր չէ։ Ո՞վ հայրենասէր չէ, բացի անշուշտ վիժած հոգիներով մարդոցմէ։ Եթէ ինծի համար ըսեն, որ նա հայրենասէր է, մեծ պատիւ մը ըրած չեն ըլլար, որովհետեւ հայրենասիրութիւնը բնական բան մըն է։
Մինչեւ Հայաստան իմ առաջին այցելութիւնս, մինչեւ 1962, հայրենիքը ինծի համար եղած է քիչ մը հայոց պատմութիւն, քիչ մը բանաստեղծութիւն, քիչ մը երազանք…
1962ին, ուսուցիչներու առաջին խումբով բախտը ունեցայ այցելելու եւ տեսնելու մեր հայրենիքը՝ գեղեցիկ ու ծաղկած վիճակի մէջ։
Զգացում, յիշողութիւն, հեքիաթ, երազանք, Արարատ, Արագած… բառեր մոգական, որոնք իրարու շաղուելով է, որ տեսակ մը երազային հայրենիք ստեղծած էին իմ մտաշխարհիս մէջ։
1940ական թուականներուն պոեմ մը գրեցի «Հայաստան» խորագիրով եւ այդ ձեւով ուզեցի ներկայացնել Հայաստանի իմ մտապատկերս՝ անկեղծութեամբ եւ հարազատօրէն։ Եւ Հայաստանը իմ մէջս ինչպէ՛ս կազմուած էր՝ առանց հայրենիքը տեսնելու, հարազատօրէն ներկայացուցի։ Հայրենիքի հանդէպ, իբրեւ հայ գրող, իբրեւ հայ մարդ ու մտաւորական, ունեցած ես անսահման գուրգուրանք, հիացում, որոնք իմ մէջս կ՛արթննային եւ կ՛արթննան մինչեւ այսօր, երբ հայրենիքէն եկած գեղեցիկ երեւոյթի մը, իրականացումի մը, իրագործումի մը կամ ստեղծագործութեան մը աւետիսը կը հնչէ։ Մանաւա՛նդ, երբ կ՛երթաս ու կը տեսնես այն իրագործումները, զորս իրականացուցած է մեր ժողովուրդը Ցեղասպանութենէն ետք, դժուար պայմաններու մէջ, եւ պզտիկ հողամասի մը վրայ կրցած է նոր հայրենիք մը կերտել։
Իմ ամբողջ մաղթանքս ու փափաքս ա՛յն է, որ ծաղկի այդ հայրենիքը եւ աւելի հզօրանայ։ Վիշտս այն է, որ ես Սփիւռքի զաւակ ըլլալով, անձնապէս հոն քարի մը վրայ քար մը չկրցայ աւելցնել։ Բայց մխիթարանքս այն է, որ գրականութիւնս թերեւս հայ մշակոյթի գանձարանին մէջ պզտիկ լումայ մը աւելցուցած է։
Ինծի համար բնաւ ցաւ չէ եղած, որ գործերս հայրենիքի մէջ տպած չեն։ Ծանօթ են ինծի այն պայմանները, որոնք արգելք եղան։ Ես այն համոզումը ունիմ, որ ի՛նչ որ հայերէնով կը գրուի, հա՛յ ոգիով կը գրուի ու կը մշակուի, վերջ ի վերջոյ հայրենիքին կը պատկանի։ Մերժէ կամ ընդունի՝ հայրենիքինն է։ Մենք բոլորս ալ հայրենիքինն ենք։ Արտասահմանի մէջ ըլլանք թէ հայրենիքի հողին վրայ, եթէ մեր վաստակը արժէք մը ունի՝ հայրենիքին կը պատկանի։ Ո՛չ ոք կրնայ զայն հայրենիքէն խլել։ Թուրքը կրցաւ խլել մեր մարմինը, բայց ո՛չ մեր հոգին, որ մեր մշակոյթն է։
ՀԱՐՑ.– Անխուսափելիօրէն կու գանք Արցախեան պահանջատիրութեան. հայ ոգիի այս վերազարթնումը, զոր ոգեշնչած է Հայաստանը։ Այս մասին ի՞նչ կը մտածէք։
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.– Այո՛, լաւ կապեցիր հարցումդ։ Ըսել կ՛ուզեմ, որ իսկապէս որ հայ ոգիին մէկ արտայայտութիւնն է Արցախեան պահանջատիրութիւնը։
ՀԱՐՑ.– Աննախընթաց է…
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.– Աննախընթաց՝ հայրենի մեր ժողովուրդին համար, որ ծանր տարիներէ ետք, անհատի պաշտամունքի եւ լճացման երկար ժամանակաշրջանէ ետք, քիչ մը շնչելու ազատութիւն կամ պատուհանէն թարմ օդ ունեցաւ. պոռթկաց հայ ժողովուրդին հիմնական եւ դարաւոր այն զգացումը, որ երբեք չէ մարած, այսինքն՝ այն խորունկ հայրենասիրութիւնը, ազատատենչութիւնը, որոնք յատկանշած են մեր ժողովուրդը, մեր դարերու պատմութեան ընթացքին։ Արդարեւ, եթէ մեր ամբողջ պատմութիւնը ծայրէ ծայր կարդանք, ի՞նչ հիմնական երեւոյթ կը գտնենք. մարտնչում՝ ազատութեան համար։ Ասիկա հայ ժողովուրդի նկարագիրին միշտ մաս կազմած է՝ ձեռք բերել իր կորսուած ազատութիւնը կամ, եթէ ձեռք բերած է, պայքարիլ անոր պահպանման համար։ Եւ որովհետեւ մեր պատմութիւնը փոթորկալից եղած է ու մեզի համար նպաստաւոր պայմաններ չեն ստեղծուած, անհուն զոհողութիւններով ձեռք բերուած մեր հողի կտորը, մեր ազատութեան պահը շարունակ խլած են մեր ձեռքէն՝ հայութիւնը նոր արիւն ներարկելով իր երակներուն, նոր զոհողութիւններու գնով, անդադար ձգտած է իր կորսուած հողամասը կամ կորսուած ազատութիւնը վերաշահելու. եթէ հայ ժողովուրդը, իր նորահաս երիտասարդութեամբ այս հոգիին դաւաճանէ կամ զայն այլեւս չցուցաբերէ, այն ատեն, մեր ժողովուրդը կը սկսի ո՛չ միայն տկարանալ, այլեւ՝ մինչեւ իսկ կորստեան մատնուիլ։ Մեզ ապրեցնողը ո՛չ մեր հսկայ թիւն է, զոր չունինք, ո՛չ մեր զինական ուժը, զոր չունինք, այլ՝ մեր հոգին։ Այդ հոգիէն բխող մշակութային ստեղծագործութիւնը մէկ կողմէ տաղանդն է՝ արուեստներու եւ գրականութեան մէջ, եւ միւս կողմէ՝ յամառ եւ անդադրում պայքարն է, ի խնդիր իր իրաւունքներուն, իր ազատութեան, իր սեփական հողին ամէն մէկ կտորին։ Եւ այսօր եղածը՝ Ղարաբաղի այս սրբազան կտորը, որ արդար իրաւունքն է հայ ժողովուրդին, հայրենիքին վերամիացման ճիգը, կը նկատեմ մեր պատմութեան փառաւոր այդ ոգիին վերազարթնումը։
ՀԱՐՑ.– Վերադառնանք գրականութեան։
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.– Շատ սիրով։
ՀԱՐՑ.– Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայրենի եւ սփիւռքահայ գրականութիւնը եւ ինչո՞ւ։ Որո՞նք ձեզ տպաւորած են։
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.– Բաւական դժուար հարց մըն է։ Երբ երիտասարդ էի, Սփիւռքի մէջ կար սերունդ մը, որ Փարիզի տղաք կը կոչուէին (Վազգէն Շուշանեան, Շահան Շահնուր, Նիկողոս Սարաֆեան…), եւ որոնք մեզմէ մեծ էին եւ մենք, տակաւին դպրոցական գրասեղաններու վրայ, անոնց գործերը կը կարդայինք։ Երբ 15-16 տարեկան էի, նոյնիսկ դասերս ձգած, գաղտնի, գիշերով, սերտողութեան ընթացքին, Վազգէն Շուշանեան կը կարդայի՝ մեծ յափշտակութեամբ, որովհետեւ Շուշանեան շատ զգացական է, սիրոյ մասին կը գրէ եւ, գիտէք, այդ պատանի տարիքին՝ սրտիդ կը խօսի։
Արուեստի տեսակէտէն աւելի խորունկ՝ յետոյ ճանչցայ Շահան Շահնուրը եւ միւսները, որոնց անունները հիմա մէկ–մէկ չեմ ուզեր տալ, բայց անկեղծ ըլլալու համար ըսեմ, որ Սփիւռքի գրականութեան մեր աւագ սերունդէն, որոնցմէ հիմա մարդ չէ մնացած (աւագը մենք ենք հիմա), ամէնէն շատ սիրած եմ Համաստեղը։ Ճիշդ է, Համաստեղը Փարիզ չապրեցաւ, ըսել կ՛ուզեմ փարիզահայ գրական եւ արուեստի եռուզեռին մէջ չմտաւ, բայց Ամերիկա ապրելով հանդերձ՝ իր գիւղին մէջ ապրող, գիւղի երազով գրող ու մեռնող այդ մարդը իր պարզ, յստակ ու բիւրեղ գրականութեամբ այնպիսի խորունկ պատկերներ տուաւ, մանաւանդ «Գիւղը» եւ «Անձրեւ»ը գործերուն մէջ։ Համաստեղ զիս շատ տպաւորած է, թերեւս նաեւ նմանութեան գիծ մը ունինք՝ արուեստի ըմբռնումի, պարզութեան ու յստակութեան տեսակէտէն։ Ինծի համար, Սփիւռքի ամէնէն արժէքաւոր գրողներէն մէկը, եթէ ոչ ամէնէն արժէքաւորը, Համաստեղն է։
Կը զարմանամ, որ մինչեւ հիմա Հայաստանի մէջ Համաստեղ չեն տպած եւ տպելու պահանջք չեն զգար։ Համաստեղը քաղաքական մարդ ալ չէր եւ քաղաքական յօդուած անգամ չէ գրած։ Գրած է պատմուածքներ, որոնց մեծ մասը գիւղի իր վերյիշումներն են, եւ որոնք գրուած են սքանչելի գոյներով ու իրականութեամբ։ Գրած է վէպեր եւ ամերիկահայ կեանքէն առնուած կտորներ։ Թերեւս տպեն, քանի որ Համաստեղի, Շանթի, Ահարոնեանի անունները սկսան շատ հոլովուիլ հայրենի գրողներու կողմէ։
Սփիւռքի աւագ սերունդի բոլոր գործերը կարդացած եմ։ Միտքիս մէջ ունիմ դասագիրքերու 4րդ հատորը գրելու ծրագիրը։ Գիտէք, որ 3 հատոր ունիմ՝ Զարթօնքի սերունդ, Իրապաշտները եւ Գեղապաշտները, որ կը հասնի մինչեւ 1920 թուականը։ Այս թուականէն ետք ալ հատոր մը պիտի գրէի, նուիրուած Սփիւռքի եւ Խորհրդային Հայաստանի գրողներուն, բայց չեղաւ։
Գալով Խորհրդային Հայաստանի գրողներուն, չեմ կրնար ըսել, որ անոնց գործերուն նոյնքան լաւ ծանօթ եմ, որքան՝ Սփիւռքի գրողներուն։ Նախ՝ ատեն մը կար, որ գիրքերը դժուար կը հասնէին, իսկ երբ սկսան առատութեամբ գալ, իմ զբաղումներս՝ ուսուցչութիւնը, գրականութիւնը, թերթի խմբագրութիւնը շատ ժամանակ չէին տար վերլուծողի աչքով զանոնք կարդալու։ Բայց քիչ թէ շատ ծանօթ եմ։
Չարենցը ինծի համար կը մնայ ամէնէն մեծ բանաստեղծը՝ իր խառնուածքով եւ իրագործումներով։ Ունի կտորներ, որոնք այդքան ալ մեծ առաւելութիւններ չունին, բայց իր տաղանդը անվիճելի է։ Զօրաւոր է եւ իւրայատուկ։
Արձակագիրներէն սիրած եմ Բակունցը, իբրեւ հին սերունդի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը։ Յետպատերազմեան շրջանի գրողներուն մասին կարծիք չեմ ուզեր տալ, որովհետեւ, դժբախտաբար, առողջական պատճառներով, տարիքիս պատճառով, ժամանակակից գրողներուն բոլոր գործերուն ծանօթ չեմ։
ՀԱՐՑ.– Օրինակ՝ Յովհաննէս Շիրազ…
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.– Յ. Շիրազ սկզբնական շրջանին, իր առաջին փորձերէն իսկ լաւ բանաստեղծ էր եւ շունչ ունէր. սակայն, հետագային քարոզչական բնոյթով կրկնութիւններու մէջ ինկաւ։ Կը խորհիմ, թէ իր այդ գործերը արուեստի տեսակէտէն չունին իր նախկին գործերուն արժէքը, գործեր, որոնց մէջ կ՛արտացոլար գիւղացի մարդուն, որ քաղաք կու գայ, թարմութիւն, երիտասարդութիւն կը բերէ՝ աշխարհը։ Այդ գործերը գեղեցիկ են։
ՀԱՐՑ.– Իսկ Խորհրդային ժամանակակից արձակն ու արձակագիրները…
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.– Կարդացած եմ, բայց չեմ կրնար դատել։ Այս առիթով սակայն կ՛ուզեմ հիմնական բան մը ըսել. Սփիւռք եւ հայրենիք կապի մասին կը խօսուի, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որ աւելի սերտանայ, աւելի հզօրանայ։ Բոլոր այն բաները, զորս կ՛ընեն, լաւ են՝ փոխադարձ այցելութիւնները, հրատարակութիւններ եւ այլն, բայց, կայ բան մը, որ իմ կարծիքով ամէնէն հիմնականն է, որ պէտք է ընեն, թէեւ դիւրին չէ. ուղղագրութեան հարցն է։ Սփիւռք–հայրենիք գրական հաղորդակցութեան գլխաւոր արգելքը այս նոր ուղղագրութիւնն է, որ կը դժուարացնէ ընթերցումը՝ նախ մեր պատանիներուն համար, ապա կը դժուարացնէ նաեւ ուսուցիչներուն գործը, որոնք կը զգուշանան այդ գիրքերը մատղաշ սերունդին յանձնարարելու, որովհետեւ անոնց ուղղագրութիւնը տակնուվրայ կ՛ըլլայ։ Ես վերջերս ուրախութեամբ կարդացի այս իմաստով Հայաստանի կարգ մը գրողներու դժգոհանքը, մասնաւորաբար Ռաֆայէլ Իշխանեանի յօդուածները, որոնք շատ իմաստուն փաստարկութեամբ ցոյց կու տան, թէ ինչո՛ւ այս ուղղագրութիւնը պէտք է փոխել եւ վերադառնալ Մեսրոպեանին։ Օր մը պիտի ըլլայ ատիկա, վստա՛հ եմ։ Եւ Սփիւռք–հայրենիք կապը շատ աւելի հեզասահ կ՛ընթանայ, եթէ այնտեղէն եկած գիրքերը մերինին նմանին եւ փոխադարձաբար մերինը՝ իրենց։ Կեանքը ցոյց տուաւ, որ ինչ որ եղաւ ճիշդ չէ՛. յուսանք, որ, թէեւ շատ դժուար է ամէն ետդարձ, այս ալ սրբագրուի։
ՀԱՐՑ.– Իբրեւ սփիւռքահայ բանաստեղծ, ի՞նչ կ՛ուզէք փոխանցել Հայաստանի ժողովուրդին։
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.– Օ՜, միայն բարեմաղթութիւններ՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային–գրական գետնի վրայ։ Քաղաքական գետնի վրայ, ամբողջ սրտով կը մաղթեմ, որ այս վերջին ազգասիրական եւ հայրենասիրական պոռթկումը իր նպատակին հասնի. Ղարաբաղի հարցը ի նպաստ հայութեան լուծուի, որ ամբողջ հայութեան բաղձանքն է։ Եթէ ո՛չ այն ձեւով ինչ որ սկիզբէն կ՛երեւակայէինք, այսինքն՝ անջատելով Ատրպէյճանէն եւ միացնելով ներկայ Հայաստանին, ինչ որ ըստ երեւոյթին դժուար է, գէթ՝ հայացնելով, Ատրպէյճանի մաշեցնող լուծէն դուրս բերելով եւ զգուշացնելով, որ հայութիւնը հոն ըլլայ միշտ հոծ, նաեւ՝ մեր մշակոյթին ու կենցաղին հայեցիութիւնը շեշտուի եւ ամբողջութեամբ հայանայ։ Այդ ալ, մեծ յաջողութիւն մըն է, մեծ յաղթանակ մը։
Տնտեսական գետնի վրայ, արդէն Գորբաչովը, իր պաշտօնակիցները եւ իրեն համախոհները, ըստ երեւոյթին կ՛աշխատին յօգուտ ժողովուրդի բարօրութեան, ինչ որ շատ առողջ եւ դրական շարժում մըն է։
Հրապարակայնութեան այս թթուածինը, կարծես թէ տնտեսական իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ։ Մարդիկ պիտի մղէ անձնական նախաձեռնութեան եւ աշխատանքի։ Մեր ժողովուրդը օրուան ապրուստը ճարելու ֆիզիքական թէ հոգեկան նեղութիւնը պիտի չզգայ։ Որոշ չափով, ստեղծագործական աշխատանքն ու հոգեկան բաւարարուածութիւնը կապուած են օրուան ապրուստը ճարելուն։ Չեմ գիտեր ո՞վ ըսած է՝ կացութիւնն է, որ կը պայմանաւորէ կեցութիւնը։ Ճի՛շդ է, շատ արուեստագէտներ կէս անօթի վիճակի մէջ ստեղծագործած են, բայց, մշակոյթը միայն տաղանդաւոր մարդոց գործը չէ, մշակոյթը համա՛յն ժողովուրդին գործն է։ Տաղանդաւորը կը ստեղծագործէ, իսկ ժողովուրդը կ՛իւրացնէ, կը սիրէ, կը բազմապատկէ, կը ծաղկեցնէ։ Եւ հոն, ուր տնտեսական բաւարար բարգաւաճում չկայ, ընդհանրապէս մշակոյթն ու արուեստներն են, որ կը տուժեն։
Պիտի մաղթէի, որ այդ բարգաւաճումը բերէ, ի դէպ, մաղթելու պէտք չկայ, անիկա անխուսափելիօրէն պիտի բերէ նաեւ անկեղծութեան շունչ մը։ Ինչո՞ւ մինչեւ հիմա մարդոց նկարագրային որոշ գիծերը խաթարուած են, որովհետեւ մարդիկ ապրելու համար ստիպուած են կեղծել, որպէսզի օրուան ապրուստը կարենան ճարել։ Իսկ եթէ այդ ապրուստը բարելաւուի, նկարագիրներն ալ կը բիւրեղանան։ Թէեւ ամէն տեղ խորամանկութիւնն ու կեղծիքը կան, նոյնիսկ ամէնէն բարգաւաճ երկիրներուն մէջ, բայց անոնք համակարգի եւ նկարագիրի չեն վերածուիր։
Իսկ մշակութային տեսակէտէն, կը մաղթեմ, որ գրողներն ու բոլոր արուեստագէտները ազատութիւնը ունենան իրե՛նց մտածածն ու զգացածը, իրե՛նց արուեստով արտայայտելու։ Չունենան այն մղձաւանջը, թէ գիրքս ինչպէ՞ս պիտի տպեմ, գրաքննութենէն ինչպէ՞ս պիտի անցնի, ո՞ր մասը պիտի մկրատուի, ո՞ր բառերը պիտի ջնջուին։ Ասիկա մղձաւանջ մըն է, որ ծանր կը կշռէ եւ ծանր վնասներ կը հասցնէ. կը խեղաթիւրէ հոգին եւ ստեղծագործութիւնը կը վերածէ մեքենայական կաղապարուած բաներու։ Մինչդեռ, եթէ ազատ ձգուի, տաղանդը կ՛արտադրէ մնայուն կերպով արժէքաւոր գործեր։ Հիմա, ահա ասո՛ր կը ձգտին հրապարակայնութեան եւ վերակառուցման այս շրջանին, որուն համար ես շատ ուրախ եմ։ Միայն թէ, տա՛ր Աստուած, որ այս գործը շարունակուէր եւ արմատանար։
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՅԱՍՄԻԿ
ՊԷՐՊԷՐԵԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
ՀՐԱՉ ԵՒ ՍԵԴԱ ՍԻՄՈՆԵԱՆՆԵՐ