
Մուշեղ Իշխանի գրականութեան մէջ մարդկային հոգիի ամէնէն հարազատ եւ բիւրեղ ապրումները, տառապած, բայց տառապանքէն չնուաճուած հոգիի մը հայանուագ երգով առաւել եւս կը մարդկայնացնեն եւ կը հայացնեն հոգիները անոնց, որոնք կը հանդիպին այդ նուագին եւ կը ներդաշնակուին անով։
ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
***
Մ. Իշխան բանաստեղծը իր մէջ ունի նկարագիր, նուրբ բայց խորունկ ու անխաթար գիծերով։ Եւ տէրը այդ նկարագիրին գիտէ յարգել զայն։ Այսինքն՝ ըլլալ ինքզի՛նք։ Արժանիք մը ասիկա, որ հաւասարակշռուած իր ձեւով պիտի առանձինն բաւէր յանձնարարելու բանաստեղծը մեր յարգանքին։
Մ. Իշխանի զգայնութիւնները վաւերական են ու վարակիչ, ներամփոփ ու զուսպ թէեւ, բայց անդիմադրելի: Կը ներկայացնեն անոնք լայն, ընդհանրական շահեկանութիւն մը, որ կրկնապէս կ՛ապահովէ հաղորդական նկարագիր մը իր զգայնութիւններուն։ Իր երգերը, թէեւ միտքի վայելք մը նոյն ատեն, կը փնտռեն մանաւանդ մեր սիրտը ու կը գտնեն զայն։
ՎԱՀԷ ՎԱՀԵԱՆ
***
Մ. Իշխանի «Տուներու երգը» հաւաքական զգայնութիւններու շօշափելի արտայայտութիւն մը եղաւ, պարզութեան մէջ պայծառօրէն համադրելով թուականի մը բարդ ձգտումները։ Իսկ Մ. Իշխանի «Հայաստան»ը կարօտի երգ մըն է, մեր հայրենիքին ուղղուած, մանկութեան օրերէն բխած, պատանութեան տարիներէն ծաւալած մինչեւ չափահասութեան։
ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
***
Մ. Իշխանի կեանքն ու գործը տեւական հաղորդակցութիւն մըն է իր ժողովուրդին, պապենական հայրենիքին, ազգային ստեղծագործութեանց, անցեալի պատմութեան եւ ապագայի կերտումներուն հետ։ Իրեն բաժին ինկած կեանքը զինք կռանած է որպէս համոզուա՛ծ հայ։ Իր սեփական էութեան փնտռտուքը զինք առաջնորդած է ազգին հետ միախառնումին, անոր անցեալէն բարձրացող ուժի հոսանքներուն ներընկալումին եւ զինք դարձուցած է սպասարկու՝ լուսաւոր ապագայի կերտումին։
ՏՈՔԹ. ԲԱԲԳԷՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
***
Չեղաւ անոնցմէ, որոնց համար երազը փախուստ է կեանքէն, մտքի թափառաշրջիկութիւն մը, շփոթ ոլորտներու մէջ աննպատակ յածում մը, այլ գիտցաւ կեանքէն քաղել այն ամէնը, որ կեանքը կը գեղեցկացնեն, եւ թանձր իրականութիւններէն վեր՝ անոնց վերեւ գեղեցկօրէն կը ծիածանուին, ինչպէս ծոյլ ծփացող գոլորշին, որ աղի ջուրերէն ու ճահիճներէն կը բարձրանայ, բայց որպէս բարերար անձրեւ կը վերադառնայ մարդոց, աշխարհին ու բնութեան։
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ
***
Մուշեղ Իշխան, իր բազմերես գրականութեամբ, դիւրա՛ւ պիտի կարենար իր անունը պարտադրել ոեւէ որակաւոր ուրիշ ազգի, եթէ անոր մէջ ծնած ըլլար անշուշտ։
Հայ ժողովուրդը սակայն աւելի բախտաւոր եղաւ։
Որովհետեւ Մ. Իշխան, իր թանկագին տաղանդով ու իր ծանրագին աւանդով, հայ ժողովուրդի արդար ուրախութիւններէն եւ հարուստ շահերէն մէկը կը հանդիսանայ այսօր, «Տուներու երգը»էն ի վեր։
Ան հայ գիրի եւ գիրքի պատմութեան մէջ պիտի ներկայանայ որպէս տոկուն եւ տեւական արժէք մը, իրա՛ւ իշխան մը գիրի, իր անուան պէս։
ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
***
Կայծակի փայլատակումներ չունեցաւ Մ. Իշխան, ո՛չ ալ մոխրացումներ։ Զիկզակող կայծերու բանաստեղծը չեղաւ, այլ՝ առատ լոյսի։ Կան ուրիշներ, որոնք բարձունքներ կը գրաւեն եւ անդունդներ կը գլորին։ Մ. Իշխան մնաց միշտ հաւասարակշիռ բանաստեղծ։
ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ
***
Մ. Իշխան ամէնէն օժտեալ քերթողներէն է յետ Եղեռնի սերունդին։ Անմիջականօրէն հաղորդական, ջերմ ու սրտագին տաղեր են իր բանաստեղծութիւնները, որոնք տան կարօտի, սիրոյ, հայրենասիրական եւ ոգեկոչական խորունկ ապրումներու բիւրեղներ են։ Լեզուական հազուագիւտ շնորհներով, որոնց մէջ յուզական տարրը գերակշիռ կը մնայ միշտ, Մ. Իշխան կ՛իշխէ սրտերուն ու հոգիներուն կ՛անցնի՝ համահայկական մնալու հիմնական արժանիքով։
ՄԻՆԱՍ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ
***
Ալեկոծ արտայայտութիւններէ իր անձն ու արուեստը հեռու պահող բանաստեղծ մըն է Մ. Իշխան. խորունկ, հանդարտ, բարի երիտասարդ մը։ Հաւասարակշիռ հոգի մը՝ իր ամէնէն խօլական ու խենթ ապրումներուն առիթով իսկ։ Քերթողական արուեստի իր խառնուածքը ամրօրէն խարսխուած կը մնայ պայծառ զգացումի ու համապատասխան երեւակայութեան մը զոյգ պատուանդաններուն վրայ։
ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՕՅԱՃԵԱՆ
—
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ