ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
Պարոն Մուշեղը կը կենար դասարանին դիմաց. գլխուն մնացած քանի մը մազերը կը շտկէր կամ թերեւս պարզապէս ձեռքը գլխուն կը տանէր մտածումները հաւաքելու համար ու կը սպասէր, որ մենք ալ մենք զմեզ «հաւաքէինք», լրջանայինք, բանայինք ի՛ր պատրաստած դասագիրքը եւ անցնէինք աշխատանքի:
Մեղմ եւ անուշ ուսուցիչ՝ պրն. Մուշեղ չունէր կարգապահական կուռ եւ հետեւողական մեթոտաբանութիւն: Պատանեկան խանդով վառվռուն տղոց կամ շատախօս եւ դասէն աւելի՝ հագուստ-կապուստով հետաքրքրուած աղջիկներուն շատ բան չունէր ըսելիք: Առաջիններուն «ա՛լ կը բաւէ» մը կը պոռար կաս-կարմիր կտրելով. վերջիններուն ալ կ՛առաջարկէր… շուտով փեսացու մը գտնել եւ ընտանիք կազմել: Անոնց համար, որոնք կը սիրէին գրականութիւն, պրն. Մուշեղին պահերը արեւոտ կղզիներ էին, ուր կ՛այցելէին Պետրոս Դուրեան եւ Միսաք Մեծարենց, Րաֆֆի եւ Խրիմեան Հայրիկ, Ինտրա եւ Նարդոս: Անոնց համար շարադրութիւնները պարտականութիւններէ աւելի՝ ինքնազննումի խոստմնալից վայրեր էին, իսկ քննութիւնները՝ հաճոյքի աղբիւր: Բնականաբար՝ անոնք պրն. Մուշեղին սրտին մխիթարութիւնն էին. կոտտացող վէրքերուն սպեղանին, դէմքին ժպիտ բերող ներկայութիւն: Յաճախ կը պատահէր, որ պրն. Մուշեղ «մոռնար» դասը մտիկ չընողները եւ հոգուով-սրտով կեդրոնանար ուշադիր աշակերտներուն վրայ: Այդ չէր նշանակեր անշուշտ, որ անհանդարտ տղաքն ու ապագայի «հարսնցուները» չէին օգտուեր բանաստեղծ-արձակագիր- դասագրքի հեղինակ-փոխտնօրէն եւ իրենց սիրելի՛ դաստիարակին գիտելիքներէն ու փոխանցած սնունդէն: Ո՛ւր ալ ըլլան պրն. Մուշեղին աշակերտները այսօր, ի՛նչ ալ եղած ըլլայ իրենց կեցուածքը դասարանէն ներս հին օրերուն, վստահ եմ՝ երբ մտաբերեն պրն. Մուշեղը, իրենց պիտի ներկայանայ լա՛ւ Մարդու եւ լա՛ւ Հայու կերպարը:
***
Մ. Իշխան հրաշալի թարգմանութիւն մը կատարած է Քիփլինկի «ԵԹԷ» քերթուածին: Այնքա՛ն յաջող է այդ թարգմանութիւնը, որ ընթերցողին կը թուի թէ նոյն ի՛նքն է քերթուածին հեղինակը: Իր դասագիրքին մէջ իրաւացիօրէն կը գրէ, թէ այդ բանաստեղծութիւնը կը խտացնէ Լեւոն Շանթին Մարդու ըմբռնումը, բայց թերեւս չ՛անդրադառնար, թէ անոր աշակերտած ըլլալով, ձեւով մը իւրացուցած է, ինչպէս իր սերունդին պատկանած այլ աշակերտներ, Շանթեան եւ Քիփլինկեան մտածողութիւնը: Մեզի կը կարդար «ԵԹԷ»ն. կը յուզուէր. կը խօսէր Շանթին մասին եւ նորէն կ՛որբանար կարծես: Իսկ հիմա, իր թարգմանութիւնը կը խօսի նաեւ ի՛ր մասին: Խնդալով կ՛ըսէր, թէ որքա՛ն դժուար է Քիփլինկին ՄԱՐԴ ըլլալու պայմանները գոհացնելը, բայց խաժ աչքերուն նայուածքը մեզի կը փոխանցէր փափաքի մը առկայութիւնը: Կ՛ուզէր, որ մենք ալ, Շանթին եւ իրեն պէս ձգտէինք այդ կատարեալ Մարդու կերպարին: Ուժեղ ու բարի. կարող եւ համեստ. ինքնավստահ եւ հարցադրող. աշխատասէր եւ անվհատ. անվախ եւ անսայթաք. մաքրամաքուր եւ ազնուական. սիրալիր եւ անկախ. երազող եւ իրապաշտ: Երբ իր կեանքի ժապաւէնը կ՛անցնի մեր առջեւէն ու կը տեսնենք խեղճ որբուկին ոտքի կենալը կրկին, մաքո՛ւր եւ ազնուական աշխատանքին իր նուիրումը, իր անսահման բարութիւնն ու համեստութիւնը, երբ կը յիշենք իր ներողամիտ ժպիտը, կը մտածենք՝ «լա՛ւ ՄԱՐԴ էր պրն. Մուշեղ»:
***
Երբեմն կը լռէր. կը նայէր պատուհանէն անդին սփռուող երկինքին. կը մտածէր: Կրքոտ արտայայտութիւններ չունէր բնա՛ւ. հանդարտօրէն, համոզիչ ձեւով մեզի կը բացատրէր թէ ինչո՞ւ կարեւոր էր արեւմտահայ եւ արեւելահայ գրականութիւնները ուսումնասիրելու ատեն, զանոնք զետեղել պատմական պաստառին դիմաց եւ ըմբռնել զանազան ազդեցութիւնները, զորս կրնային կրած ըլլալ հայ գրողները: Թուրք ու պարսիկ, ռուս ու վրացի, Արեւմուտք եւ Արեւելք կը տողանցէին պատանիի մեր մտքերուն մէջ ու կը խռովէին մեր հոգիները: Պրն. Մուշեղ կը յաջողէր հանգստացնել զանոնք ազգային ինքնութեան ըմբռնում եւ անկէ բխած հպարտութեան զգացումը արթնցնելով մեր մէջ: Ազգային արժանապատուութեան այդ դասը սովորական դաս մը չէր. հի՛մքն էր մեր հայեցի կրթութեան: Պրն. Մուշեղին ամէն մէկ բառը անկեղծ էր, հետեւաբար՝ ըմպելի: Ինչպէ՞ս կրնար անկեղծ չըլլալ, երբ տուն վերադարձին Պարոնը պիտի նստէր գրասեղանին դիմաց եւ թուղթին տար սրտէն քերթուած կտորներ: Անոնցմէ մէկը՝ «Հայ Հոգին» խօսուն պատկերն է պրն. Մուշեղին հաւատամքին:
Հայ հոգին վերէն, երկնքէն օր մը իջեր է Արարատի գագաթին. «երկնապարգեւ» ըլլալուն՝ երկնքի «շնորհը», «շունչը» եւ անսահման գորովը միայն կրնայ ունենալ:
Ան կը ներկայանայ որպէս «շողշողուն լոյս», աստղերու կրակով սնած «վառ կանթեղ»: Ան կը «ծագի» եւ «արեւ» է:
Հայ հոգին մթութիւնը լուսաւորած է, տառապանքն ու վէրքերը վերածած է «անուշ սրինգ»ի. Հակառակ բազմաչարչար, խոցուած եւ շղթայուած եղած ըլլալուն, կրցեր է գոյատեւել:
Վահագն եւ Աստղիկ, Հայկ եւ դիւցազուններ, գուսաններ ու Կոմիտաս, Նարեկ եւ քերթողներ կերտած են այդ հոգին որ անմահ է, «անչափել»ի եւ «մեծախորհուրդ»:
Անմահ է, քանի որ «նոր ընձիւղներ կը ժայթքեն» ու զինք կը պահեն «կենսանորոգ ու դալար»: Նոր սերունդներ կը հասնին զինք ստանձնելու: Կը դիմանայ, քանի որ կը ցոլանայ մեր լեզուին եւ մեր կերտած տաճարներուն մէջ:
«Հրաշագո՛րծ, հրաշալի՛ հայ հոգին» գրեր է Մ. Իշխան, փնտռելով ու գտնելով զայն մեր ինքնութիւնը կերտած իւրաքանչիւր բառի մէջ: Երբ կը կարդանք այսքա՛ն սէր, կը մտածենք՝ «լա՛ւ Հայ էր պրն. Մուշեղ»:
Այդ լա՛ւ Մարդուն եւ այդ Լա՛ւ Հայուն օրինակով եթէ ապրի իւրաքանչիւր հայ Սփիւռքի թէ Հայաստանի տարածքին, եթէ նոր սերունդները պեղեն մեր «գանձերը ծո՛վ» եւ նոր աւիշ բերեն մեր մշակոյթին, եթէ պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող ամէն անհատ իրապէ՛ս հետեւի հայ հոգիին «սէգ թռիչքին», ԵԹԷ, ԵԹԷ… այն ատեն մեր ազգին ճամբան կ՛ըլլայ «անմար ծիածան» եւ Պրն. Մուշեղը կ՛ապրի՛:
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
ՆԱԶՕ ԵՒ ՄԻԼԷՆ ԱԲԱՆԵԱՆՆԵՐ