
ԵՐԵՒԱՆ.– Երիտասարդ բեմադրիչ Արէն Վաթեանի «Կաւէ մարդը» 20 վայրկեանոց ժապաւէնը այս տարի «Նո Ֆի» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին մասնակցած հայկական խումբին ոսկի մետալ ապահոված է:
Ժապաւէնը յուսահատ ծերունիի եւ անոր ապրելու փափաքը վերադարձնող տղայի մը մասին է: Ասիկա միակ յաջողութիւնը չէ։ Արդարեւ, հայկական խումբը գրաւած է երրորդ դիրքը՝ ստանալով պատուոյ գիրեր:
Արէն կը խոստովանի, որ ասիկա իր առաջին ժապաւէնն էր ու առաջին յաղթանակը: Ֆիլմը բեմադրած է Ազգային շարժապատկերի կեդրոնին աջակցութեամբ: Կա՞յ պետական աջակցութիւն երիտասարդ բեմադրիչներուն. «Կայ, բայց փոքր: Մեր պետութեան պէս փոքր», նշեց ան։
Հետաքրքրական բեմագրութիւն, երեւակայութիւն, զրուցելու ուրոյն կարողութիւն, լաւ դերասանական կազմ եւ բաւարար գումար: Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ երիտասարդ բեմադրիչներ, որոնք թէ՛ լաւ բեմագրութիւն ունին, թէ՛ հետաքրքրական գաղափարներ, բայց այս բոլորը իրականացնելու համար չունին վերոյիշեալ շարքին վերջինը, որ ամէնէն կարեւորն է՝ գումարը։
Արտաշէս Յովհաննիսեանը «Ոչ կոմերցիոն կինոյի հայկական կենտրոն»ի հիմնադիրն է: Կեդրոնը կը գործէ երեք տարիէ ի վեր եւ արդէն բազմաթիւ երիտասարդ բեմադրիչներ բացայայտած է՝ անոնց օգնելու մասնակից դառնալու արտերկրի մէջ կազմակերպուող միջազգային փառատօներուն, իսկ ամէնէն կարեւորը այն է, որ անոնք ձեռնունայն չեն վերադարձած:
Իսկ յաջողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է նախ առաջին հերթին լաւ մասնագէտներ պատրաստել, լաւ ժապաւէններ նկարել եւ այդ ժապաւէնները չներկայացնել միայն փառատօնէ փառատօն: